Jump to content

Թութակ

(Վերայղուած է Թութակ (արեւմտահայերէն)-էն)
Թութակ

Թութակներ, հայերեն` ,,Բույթ,, (լատին․՝ Psittacoidea), թռչուններու ընտանիքին պատկանող կենդանիներ։ Այս ընտանիքին պատկանող թռչունները կը բաժնուին 3 խումբերու՝ իսկական թութակներ, քաքատուներ եւ նորզելանտական թութակներ։ Տարածուած են արեւադարձային ու մերձարեւադարձային տարածքներուն մէջ՝ Աւստրալիա, Հնդկաստան, Ասիոյ հարաւ-արեւմուտքի, Արեւմտեան Ափրիկէի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։

Յայտնի է թութակներու աւելի քան 300 տեսակ։ Առաւել հանրայայտ են աւստրալիական կակադուներն ու ռոզելաները, ափրիկեան անբաժանները, ամերիկեան արաներն ու ամազոնները։ Գունագեղ, կարճ պարանոցով, խոշոր գլուխով, կեռ ու հզօր կտուցով թռչուններ են։ Կ'ապրին Ափրիկէի, Ամերիկայի եւ Աւստրալիայի արեւադարձային անտառներուն մէջ։ Թութակները կ'ըլլան տարբեր չափերով։ Ալիքաւոր թութակի երկարութիւնն ընդամէնը 18 սմ է, իսկ հարաւամերիկյան հսկայ արա թութակինը՝ մինչեւ 1 մ։ Փետուրները գունաւորուած են վառ կանաչ, կապոյտ, կարմիր, դեղին, հազուադէպ՝ սեւ կամ մոխրագոյն։

Թութակներու ոտքերը գերազանց յարմար են մագլցելու։ Իւրաքանչյիւր ոտքի 2 մատներն ուղղուած են առջեւ, երկուքը՝ ետեւ, եւ միասին կը կազմեն շատ ուժեղ աքցաններ։ Թութակներու մեծ մասին թեւերը լաւ զարգացած են, եւ անոնք արագ կը թռչին։ Կան նաեւ չթռչող թութակներ։ Օրինակ՝ Նոր Զելանտայի մէջ ապրող բուէճանման թութակը միայն քալել գիտէ եւ վտանգի պարագային կը թաքնուի ծառերու արմատներու մեջ գտնուող բունին մէջ։

Թութակները կը սնանին պտուղներով, սերմերով, բողբոջներով, երբեմն՝ միջատներով։ Անոնք կտուցով կը կտրեն բոյսերու, պտուղներու ու սերմերու կեղեւը եւ կը սնանին միջուկով։ Խոշոր թութակները կրնան կտրել ամէնաամուր ընկոյզը։ Կտուցը նաեւ կ'օգնէ անոնց մագլցելու ծառերու ճիւղերով։ Կ'ապրին երամներով։

Բոյն կը դնեն ծառերու փչակներուն, ժայռաճեղքերուն, երբեմն՝ գետնին մէջ։ Կը դնեն 1–12 (յաճախ՝ 2–5) սպիտակ ձու։ Թուխսի կը նստի էգը կամ արուն։ Ձագերը ձուէն դուրս կու գան մերկ, անօգնական եւ կոյր։ Ձագերը կը խնամեն արուն ու էգը։

Բնութեան մէջ թութակները միմիանց հետ կը հաղորդակին սուր, ականջ ծակող ճղճղոցով կամ մեղմ ճռուողիւնով։ Անոնք հետաքրքրասէր են, հնարամիտ, լաւ կ'ընտելանան, առանձին տեսակներ (ժակօ, կակադու, ամազոններու քանի մը տեսակներ) ընդունակ են արտաբերելու բառեր եւ նոյնիսկ նախադասութիւններ[1]։

Թութակների տեսակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կակադու ինկա, Ժակօ, ալիքաւոր թութակ, կանաչաթեւ արա, բազմագոյն լորիկետ, խայտաբղէտ ռոզելա, վարդակուրծք թութակ եւ այլն։

Ալիքաւոր թութակ

Ալիքաւոր թութակն ամէնատարածուած սենեկային թռչունն է աշխարհի մէջ։ Վայրի տեսակը տարածուած է Աւստրալիոյ մէջ։ 19-րդ դարու կէսերուն բերուած է Եւրոպա, ընտելացուած։ Բուծուած են ալիքաւոր թութակի մօտ 200 ցեղատեսակներ։ Անոնք ունին մինչեւ 20 սմ մեծութիւն, կը սնուին հացազգի հատիկներով։ Հեշտ ընտելացող թութակներ են։ Կը կազմեն անբաժան զոյգեր։ Կրնան մտապահել քանի մը տասնեակ բառեր եւ արտայայտություններ։ Թիկունքի եւ թեւերու փետուրներու՝ ծովի ալիքներու նմանութեան պատճառով անուանած են ալիքաւոր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (հայերեն) Թութակներ (ընտանիք), 2024-06-11, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A1%D5%AF%D5%B6%D5%A5%D6%80_(%D5%A8%D5%B6%D5%BF%D5%A1%D5%B6%D5%AB%D6%84), վերցված է 2024-08-15