Jump to content

Թիֆլիսի Արուեստագիտական Ընկերութիւն

Թիֆլիսի Արուեստագիտական Ընկերութիւն
Տեսակ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն
Հիմնադրուած 1888
Լուծարուած 1920
Գլխաւոր գրասենեակ Թիֆլիս, Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն

Թիֆլիսի արուեստագիտական ընկերութիւն, թատերական կազմակերպութիւն Թիֆլիսի մէջ։ Կը գործէ 1888 թուականէն մինչեւ 1920 թուականը։

Թատերական կազմակերպութիւնը կը հիմնադրուի 1888 թուականին, վարչութեան նախագահ՝ Եսայի Փիթոեւի գլխաւորութեամբ։ Նոյն թուականին կը կազմակերպուի ընկերութեան դերասանական ռուսական խումբը (առաջին ներկայացումը՝ Նիգոլայ Գոգոլի «Ամուսնութիւն»ը)։ Ընկերութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Թիֆլիսի թատերական կեանքի զարգացման. կը հրաւիրուին դերասաններ, դերասանական խումբեր, որոնց հետ հանդէս կու գան նաեւ տեղւոյն դերասանները։ Թիֆլիսի օփերայի եւ պալեթի թատրոնի նոր շէնքի բացումը (1896), ինչպէս եւ սեփական թատրոնի շէնքի կառուցումն աւելի կ'ընդլայնեն ընկերութեան գործունէութիւնը։

Թատրոնի շէնքը կը կառուցուի Ե. Փիթոեւի միջոցներով. կը բացուի 1901 թուականին (այժմ՝ Ռուսթաւելիի անուան վրացական թատրոն), այստեղ ներկայացումներ կու տան հայկական, ռուսական եւ վրացական թատերախումբերը։

Թիֆլիսի արուեստագիտական ընկերութեան աշխատանքներուն մեծապէս կը նպաստեն հայազգի գործիչներ՝ Պ. Բեժանբեկը, Գ. Տեր-Ասատուրովը, Ե. Արղուտինսկաեա-Կոզլովսկայան, Տ. Օթարովան եւ ուրիշներ։

Ընկերութիւնը կը գոյատեւէ մինչեւ 1920 թուականը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
    Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։