Թերճումանը էֆքեար
«Թերճումանը էֆքեար» («Մտքերի թարգման»), հայատառ թրքերէն քաղաքական, գրական եւ ազգային օրաթերթ։ Լոյս տեսած է Կ. Պոլսոյ մէջ, 1877 թուականին՝ «Մեճմուայի հաւատիս»-ի փոխարէն։ Խմբագիրներ՝ Հ. Վարդանեան, Տ. Ճիւէլէկեան, տնօրէն՝ Ա. Մագայեան։ 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի եւ անոր յաջորդած շրջանին բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակած է Արեւելեան հարցի առաջացման եւ սրման պատճառներուն, մեծ տէրութիւններու միջեւ հակասութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ անոնց քաղաքականութեան, հայկական հարցին. Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներու բնակչութեան կենսական շահերուն վերաբերեալ, պաշտպանած է արեւմտեան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ կատարելու գաղափարը։ 1879 թուականին «Թ. Է.» մերկացուցած է թուրքերու բռնութիւնները Մուշի շրջակայքը, որմով յարուցած է թուրք, մոլեռանդ լրագրութեան դժգոհութիւնը, մեղադրուած է «Հայկական խնդիր յարուցելու» եւ խռովարարութեան մէջ։ Թրքական դատարանի վճռով 1880 թուականի Յունուարին ձերբակալուած են թերթի տնօրէնը եւ խմբագիր Տ. Ճիւէլէկեանը, սակայն ազատած են Կ. Պոլսի պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանի միջամտութեամբ։ 1880 թուականի Ապրիլին եւրոպական մամուլէն հայկական հարցի վերաբերեալ յօդուած տպագրելու համար թերթը փակուած է։ Վերահրատարակուելէն ետք զրկուած է հայկական հարցին անդրադառնալու հնարաւորութենէն։
| Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |