Թարթուի Խաղալիքներու Թանգարան

Թարթուի Խաղալիքներու Թանգարան

Թարթուի Խաղալիքներու Թանգարան (էստ․՝ Tartu Mänguasjamuuseum), թանգարան Էսթոնիոյ Թարթու քաղաքին մէջ, խաղալիքներու ամենամեծ թանգարանը Մերձաւոր Պալթիկայի մէջ։ Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին աւելի քան 5000 խաղալիքներ։ Թանգարանին շարք մը խաղալիքները կարելի է փորձարկել, իսկ երեխաներուն համար կայ առանձին խաղասենեակ[1]։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանի առաջին շէնքին մէջ 19-րդ դարու սկիզբը կը գործէր Դորպատի դպրոցը, ուր կը սորվէին հիմնականօրէն արհեստաւորներու երեխաներ։ 1829 թուականին շէնքը գնեց անձ մը, որմէ ետք սկսի շէնքին վերականգնման աշխատանքները։

Տան ճակատամասը վերակառուցուած է դասական ոճով, պատուհանները՝ մեծցուած, սենեակները բաժնուած միջնապատերով։ 19-րդ դարու վերջը ու 20-րդ դարու սկիզբը շէնքին մէջ գործած են տարբեր կազմակերպութիւններ, շէնքի բակին մէջ կառուցուած են օժանդակ շինութիւններ, որոնք յետագային քանդուած են։ 20-րդ դարուն շէնքը օգտագործուած է որպէս բնակելի տուն, որ չուներ մշտական սեփականատէր։ 1994 թուականին Թորթու քաղաքի կառավարութիւնը կ'որոշէ այս շէնքին մէջ բանալ խաղալիքներու թանգարան։

Թարթուի Խաղալիքներու Թանգարան

Թարթուի խաղալիքներու թանգարանին բացումը տեղի ունեցած է 29 Մայիս 1994-ին։ Թանգարանին հիմնադիրներն են Մէրի Սաարեն, Մարի Հանթը, Թիիա Թումեթը։ Վերջինը եղած է թանգարանի առաջին տնօրէնը։ 2007-էն թանգարանի տնօրէնն է Թրիին Վաարոն։

2003 թուականին թանգարանը տեղափոխուած է Լութսու փողոցին մէջ գտնուող փայտէ տնակին մէջ։ 13 Մարտ 2004-ին բացուած է նոր ցուցահանդէսը՝ ներառեալ արհեստանոցն ու խաղասենեակը։ Թանգարանին հիմնական շէնքին յետնաբակին մէջ գտնուող տնակէն ներս 2 Դեկտեմբեր 2005-ին բացուած է թատերական ներկայացումներու եւ մանկական շարժապատկերներու տիկնիկներու ցուցահանդէս, ուր ցուցադրուած են Էսթոնիոյ վերջին 50 տարիներու ընթացքին ստեղծուած տիկնիկները։

Ցուցանմուշներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են աւելի քան 6000 խաղալիքներ ու տիկնիկներ։ Խաղալիքները պատրաստուած են էստոնական աւանդական ոճով։ Ցուցադրուած են նաեւ տարբեր երկիրներու յուշանուէրներ, ինչպէս նաեւ ուկրոֆիննական խաղալիքներու հաւաքածոյ։

Թալիսմանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանի թալիսմանը Ծաղկաթաթ Թետի արջուկն է, որ 1994 թուականին կարուած է Քայի Մասերու կողմէ։ Արջուկը այդպէս կոչուած է, որովհետեւ անոր թաթերը կարուած են ծաղկաւոր կտորէ։ Ծաղկաթաթ Թետի մասին գիրքեր գրած են, բացիկներ հրատարակած, ֆիլմերու մէջ նկարահանած եւ այլն։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Steve Roman, ed. (2011). Tartu in Your Pocket. OÜ Linnajuht. էջ 34:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]