Jump to content

Թասնիֆ

Թասնիֆ (Պարսկերէն՝ تصنيف) Պարսկական երաժշտութեան բազմապիսի ձեւերէն մին, եւ կը համարուի Գեղօնի (Ֆրանսերէն՝ Ballade) Պարսկական տարբերակը։ Այս երգերը կը կազմուին դանդաղ կշիռքով մը։

«Թասնիֆներուն» մեծ մասը յարաբերաբար վերջերս գոյացած են, նշանաւոր երգահաններու կողմէն։ Մեծ թիւով «Թասնիֆներ» յօրինուած են Ի (քսաներորդ) դարու առաջին երկու տասնամեակներուն։ Ատոնցմէ շատերը հիմնուած են այդ ժաամանակաշրջանի սահմանադրական շարժումին ոգին արտացոլող հայրենասիրական բնանիւթերու վրան։ Քսաներորդ դարու քսանականներուն եւ երեսունականներուն յօրինուած «Թասնիֆները» աւելի սիրային նիւթերու կը վերաբերին, եւ անոնց մէջ գործածուող բանաստեղծութիւնը հիմնականօրէն դասական բանաստեղծներու գործերէն է։

Համաշխարհային Բ (երկրորդ) պատերազմէն ետք, բանաստեղծական համաբնագիրը (Անգլերէն՝ Context) աստիճանաբար կը դառնայ թեթեւընթաց, եւ «Թասնիֆ»-ի երաժտութիւնը կը կրէ արեւմտեան ժողովրդական երգերու ազդեցութիւնը։ Թասնիֆներու արդիականացուած տարբերակը կը կոչուի «Թարանէ» (Պարսկերէն՝ ترانه)։[1][2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. سپنتا، چشم‌انداز موسیقی ایران
  2. سپنتا، دستگاه‌های موسیقی ایران