Թաբոր Լերան ճակատամարտ
Թաբոր Լերան ճակատամարտ | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Եգիպտական արշաւանք | |||||||
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
Ֆրանսիա Ֆրանսայի առաջին հանրապետութիւն | Օսմանեան կայսրութիւն | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Ֆրանսիա Ժան-Բատիստ Կլեբեռ ՖրանսիաՆաբոլէոն Պոնաբարտ (ճակատամարտի վերջը) |
Աբդուլլահ փաշա Տամասկոսցի | ||||||
Կողմերու ուժեր | |||||||
Ճակատամարտի սկզբը՝ 2 000[2] — 2 500[1] հետեւակային ճակատամարտի վերջը՝ 4 000 հետեւակային Փոքրաքանակ հեծելազօր 8 թնդանօթ |
25,000 հեծեալ 10 000 հետեւակային[2] | ||||||
Կորուստներ | |||||||
250—300 սպաննուած եւ վիրաւոր[1] | 6000 սպաննուած 500 վիրաւոր |
Թաբոր լերան ճակատամարտ (ֆրանսերէն՝ Bataille du Mont-Thabor), ճակատամարտը տեղի ունեցած է 16 ապրիլ 1799-ին Թաբոր լերան ստորոտին ֆրանսական եւ օսմանեան (այսպէս կոչուած «տամասկոսեան բանակ») բանակներու միջեւ։
Նախապատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19 մարտ 1799-ին ֆրանսացիները Աքքա քաղաքը կը պամարեն: Ըստ Նաբոլէոնի մեմուառներու, դեռ մինչեւ եգիպտական արշաւանքի սկսիլը՝ Բարձր դուռը (մեծ վեզիրի գրասենեակի եւ դիւանատան պաշտօնական անուանումը) ֆրանսացիներու դէմ երկու բանակ պատրաստած էր՝ առաջինը կազմաւորուած էր Հռոդոսի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Տամասկոսի մէջ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը 50.000 մարտիկ կը ներառէր։ Բանակները յունիս 1799-ին պէտք է միառժամանակ դէպի Եգիպտոս շարժուէին[1]։ Ֆրանսական զօրքերու Սուրիա ներխուժելէ ետք, թուրքերու մտադրութիւնները փոխուեցան՝ տամասկոսեան բանակը պէտք է Հորդանան գետը անցնէր հռոդոսեան բանակի Աքքա հասնելուն պես։ Սակայն Ահմէտ-փաշան վախնալով, Աքքան Տամասկոսի փաշաին հրամայեց առանց հռոդոսեան բանակի տեղ հասնելուն սպասելու կտրել ֆրանսացիներու սնուցումը Եգիպտոսէն[1]։
Փաշայի բանակը Հորդանանը անցաւ, իր ազդեցութեան տակ դրուեցաւ Յակոբի գետանցը, բանակի մէկ մասը պաշարեց Սաֆէդ բերդը, փաշայի որդին ճամբարէն գետի աջ ափին, իսկ փաշան 25,000-անոց բանակով գետանցը կը հսկէր ձախ ափէն։ Մեծաւոր Մուրատը ընդամէնը 1000 հոգիէ բաղկացած շարասիւնով Սաֆատի պաշարումէն դուրս կը բերէ Սաֆատը, Յակոբի գետանցը կը վերադարձնէ կը յաղթէ փաշայի որդիի զօրքերուն, Տիբերիան կը գրաւէ։ Մուրատ կը յաջողի նաեւ սննդամթերքի հարուստ պահեստներու միանալ։ Իսկ Նազարէթի մէջ գտնուող զօրավար Ժիւնոն իր հետ 400 զինուոր վերձնելով Աբդուլլահ-փաշայի Հորդանանը անցած 3000-անոց զօրքերուն կը դիմաւորէ եւ անոնց Հանանի դաշտին մէջ կը կանգնեցնէ։
11 ապրիլ-ին անոր օգնութեան կը հասնի զօրավար Կլեբեռը 2500 զինուորի ուղեկցութեամբ։ Փաշայի զօրքերը այդ ժամանակ արդէն համալրուած էին 4000 մարտիկով։ Նոյն օրը Կլեբեռը Լուբիայի բարձրունքին դիքաւորուելով կը ջարդէ թշնամիին։ 12 ապրիլ-ին Կլեբեռը վախնալով կռուիլէն, Աքքայի մէջ Նազարեթ կը նահանջէ: Ան թոյլ տուաւ Աբդուլլահին միաւորելու համար իր բանակի մնացորդները եւ ճամբարել Իզրեելի դաշտին մէջ, իսկ նաբլուսսեան բաժինի հետ միաւորուելէ ետք անոր բանակի քանակը 24 հազարի կը հասնի։ Սակայն այս դիրքը կը զրկէր իր բանակին Տամասկոսի հետ անմիջական կապէն։
Կլեբեռ իր բաժինով մտադրած էր անցնիլ Հորդանանը եւ թշնամիի արանքով, այսպիսով զօրավարը հակառակորդին Տամասկոսէն կը կտրէ, իսկ կէսօրը անց ժամը 2-ին կը մտադրէր գրոհել թուրքերու ճամբարը։ Նաբոլէոն Կլեբեռէն ստացած նամակին մէջ կը տեսնէ վերջինիս մտադրութեան թերութիւնները (հակառակորդը այդ ժամանակ արէն այլ մարտական դիրք կ՛օգտագործէր, տեղանքը բաւականաչափ հետազօտուած չէր, իսկ թշնամիին անակնկալի բերելու յոյսերը հիմնաւորուած չէին)։ Կլեբեռի բաժինը սպառնացող վտանգը կրնար ճակատագրական դառնալ ամբողջ ֆրանսական բանակի համար։ Այդիսկ պատճառով Նաբոլէոն որոշեց 15 ապդրիլ-ի կէսորին օգնութեան հասնիլ Կլեբեռին, ան իր հետ ամբողջ հեծելազօրը կը տանի, Լուի Պոնի հրետանային բաժինը[2] եւ պահեստազօրի մարտկոցը[1]։
Մարտի ընթացքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]16 ապրիլ-ին առաւօտեան ժամը 7-ին, Կլեբեռը հակառակորդի ճամբարին մօտեցաւ։ Անակնկալ գրոհ չյաջողեցաւ՝ թուրքերու առաջնագիծը ոչընչացուեցաւ, սակայն ճամբարին տագնապ յայտարարուեցաւ, իսկ Կլեբեռի ջոկատը Թաբոր լեռրան լանջերուն շրջապատեց։ Թշնամիի հեծելազօրին դիմակայելու նպատակով, ֆրանսացիները վերադասաւորուեցան կառէներու (քառակուսաձեւ երկշարք դասաւորուածութիւն, որու ընթացքին առաջին շարքի զինուորները ծնկած վիճակի մէջ հրացանները կը պարզեն, իսկ երկրորդ շարքի զինուորները կանգնած վիճակի մէջ թշնամիին կը կրակեն, հատկապէս արդիւնավէտ է հեծելազօրի դէմ)։ Դաժան մարտը շարունակուեցաւ գրեթէ ամբողջ օրուայ ընթացքին, կէսօրէ անց ժամը 4-ին ֆրանսացիներու մօտ զինամթերքի խիստ պակաս նկատուեցաւ[2], իսկ Կլեբեռը հրամայեց վերադասաւորել շարասեան եւ օղակէն դուրս գալ։
Այդ ժամանակ հիւսիսի մէջ Նաբոլէոնը նկատուեցաւ, որ մէկ օրուայ ընթացքին 25 մղոն ճանապարհ անցաւ։ Իզրեելի դաշտը պատուած էր 6 ֆուտի հասնող բարձր տարեկանով, այսպիսով Նաբոլէոն յաջողեցաւ աննկատ մօտենալ եւ շրջապատել թշնամիին։ 300 հոգինոց ջոկատը անակնկալ թուրքերու ջոկատի վրայ յարձակեցաւ, թալանեց ճամբարը, գերեվարեց թուրքերուն եւ այրեց վրանները։ Ֆրանսական ջոկատներու զուգահեռ գրոհէն եւ միաւորուելէ ետք թրքական բանակը փախուստի մատնեց։
Հետեւանքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թուրքերը քանի հազար զինուորի կորսնցուցին ինչպէս նաեւ քանի մը հարիւր զինուոր գերեւարուեցան։ Կլեբեռը 250-300 զինուոր կորսնցուց, իսկ Նաբոլէոնը՝ 4։
17 ապրիլ-ին Կլեբեռը տամասկոսեան բանակի մնացորդներուն կը հետպնդէր։ Այսպիսով փոքրաթիւ ուժերու գնով յաջողուեցաւ նեյտրալիզացնել տամասկոսեան բանակը։ Ֆրանսացիները իրական հնարաւորութիւն ստացան Տամասկոսը գրաւելու համար, որ միայն կայազօրը կը պաշտպանէր, սակայն Նաբոլէոն կրնար միայն Կլեբեռի բաժինը տրամադրել, որովհետեւ մնացած զօրքերը անոր անհրաժեշտ էին Աքքայի մէջ պաշարումը շարունակելու համար։ Նաբոլէոն Դահերու շէյխէն ինչպէս նաեւ դրուզերու եւ մորոնեաններու առաջնորդներէն զօրքեր խնդրեց, սակայն վերջիններէն զօրքեր հաւաքելու համար շատ ժամանակ պահանջուեցաւ եւ անոնք հրաժարեցան ֆրանսացիներուն օգնելէ, Նապլուս չյարձակելու պայմանով, ֆրանսացիներուն գերեւարուած ֆրանսացիները վերադարձուց՝ փրկուելով կործանումէն, իսկ Կլեբեռը հրաման ստացաւ Հորդանանը անցնիլ եւ գետանցը վերահսկել։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Smith, D. The Greenhill Napoleonic Wars Data Book. Greenhill Books, 1998.