Jump to content

Ընձուղտ

(Վերայղուած է Ընձուղտ (արեւմտահայերէն)-էն)


Ընձուղտ (լատիներէն՝ Giraffa camelopardalis), ամենաբարձրահասակ ցամաքային կենդանին է։

Արու ընձուղտներու բարձրութիւնը կը հասնի 5.5 մեթրի, իսկ ծանրութիւնը՝ 900 ք․կ․-ի։ Էգ ընձուղտները, ըստ կանոնի, աւելի փոքր են ու աւելի թեթեւ։ Ընձուղտներուն պարանոցը շատ երկար է, թեեւ ընձուղտները, ինչպէս համարեայ բոլոր կաթնասունները, ունին 7 պարանոցային ողներ։ Բարձր հասակը կը ճնշէ արեան շրջանառութեան համակարգին վրայ, յատկապէս ուղեղի արեան մատակարարման, այդ պատճառաւ ալ ընձուղտներուն սիրտը շատ ուժեղ է։ Այն (սիրտը) կը կշռէ 12 ք․կ․, մէկ վայրկեանի մէջ 60 լիդր արիւն կը մղէ եւ կը ստեղծէ ճնշում, ինչ որ երեք անգամ բարձր է համեմատաբար մարդուն մօտ։
Ընձուղտին մորթի գծագրութիւնը կազմուած է գոց գոյնի գիծերէ, որոնք կ'արանձնանան մարմնի բաց գոյներէն. իւրաքանչիւր ընձուղտի մորթի գունաւորումը տարբեր է, ինչպէս՝ մարդոց մատնահետքերը։ Ընձուղտի մարմինի ստորին մասը աւելի բաց գոյնի է եւ առանց գիծերու։ Ընձուղտներուն գլուխին վրան կան երկու մորթով ծածկուած եղջիւրիկներ։ Երբեմն կը հանդիպին եղջիւրիկներու երկու զոյգ։ Սեւ աչքերը շրջապատուած են խիտ թարթիչներով, իսկ ականջները կարճ են։ Ընձուղտները ունին լաւ տեսողութիւն, լսողութիւն եւ հոտառութիւն, զոր իրենց կը թուլատրէ ժամանակին նկատել վտանգը։ Լաւ տեսողութեան կը նպաստէ նաեւ բարձր հասակը. իրենց ցեղակիցներուն ընձուղտները կրնան նկատել մէկ ք․մ․ հեռուէն։

Երկար վիզին շնորհիւ ընձուղտը կրնայ արածիլ ծառերուն վերին սաղարթները:

Ընձուղտները կրնան արագ վազել եւ անհրաժեշտութեան պարագաներուն կը զարգացնեն ու կ'արձանագրեն 55 ք․մ․/ժ․ արագութիւն։ Սակայն հիմնականօրէն դանդաղ կը շարժին՝ սկիզբը երկու աջ ոտքը առաջ դնելով, ետքը՝ երկու ձախը։ Իրենց մեծ կշիռի եւ բարակ ոտքերու պատճառով ընձուղտները կրնան քալել միայն կարծր մակերեսի վրայ․ հեռու կը մնան ճահճային տեղանքէն, իսկ գետերը իրենց համար անյաղթահարելի խոչընդոտներ են։ Չնայած այս ամէնուն ընձուղտները կրնան ցատկել եւ յաղթահարել մինչեւ 1.85 մ․ բարձրութեամբ պատնէշները։
Ընձուղտները խոտակեր կենդանիներ են: Մարմնի կառուցուածքի շնորհիւ անոնք կրնան արածիլ ծառերու վերին սաղարթները, հոն իրենք մրցակիցներ չունին: Ընձուղտը իր երկար լեզուով կը բռնէ ճիւղը, կը քաշէ դէպի բերանը եւ պոկոտելով կ'ուտէ տերեւները: Օրական ընձուղտը կ'ընդունէ մօտ 30 քկ սնունդ եւ ուտելուն վրայ կը ծախսէ տասնվեցէն քսան ժամ: Հեղուկին պահանջարկը կը բաւարարէ սնունդի հաշուին եւ կրնայ առանց խմելու մնալ շաբաթներու ընթացքին:
Քնանալու վրայ ընձուղտին ծախսած ժամանակը ամենէ պակասն է կաթնասուններուն քով եւ կը կազմէ օրուան մէջ միջինը 1.9 ժամ:[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]