Jump to content

Ընձուղտ

Ընձուղտ (լատիներէն՝ Giraffa camelopardalis), ամէնաբարձրահասակ ցամաքային կենդանին է։

Արու ընձուղտներու բարձրութիւնը կը հասնի 5.5 մեթրի, իսկ ծանրութիւնը՝ 900 ք․կ․-ի։ Էգ ընձուղտները, ըստ կանոնի, աւելի փոքր են ու աւելի թեթեւ։ Ընձուղտներուն պարանոցը շատ երկար է, թէեւ անոնք, ինչպէս համարեա բոլոր կաթնասունները, ունին 7 պարանոցային ողներ։ Բարձր հասակը կը ճնշէ արեան շրջանառութեան համակարգին վրայ, յատկապէս ուղեղի արեան մատակարարման, այդ պատճառաւ ալ ընձուղտներուն սիրտը շատ ուժեղ է։ Անիկա կը կշռէ 12 ք․կ․, մէկ վայրկեանի մէջ 60 լիդր արիւն կը մղէ եւ կը ստեղծէ ճնշում, ինչ որ երեք անգամ բարձր է համեմատաբար մարդուն մօտ։
Ընձուղտին մորթի գծագրութիւնը կազմուած է գոց գոյնի գիծերէ, որոնք կ'առանձնանան մարմնի բաց գոյներէն. իւրաքանչիւր ընձուղտի մորթի գունաւորումը տարբեր է, ինչպէս՝ մարդոց մատնահետքերը։ Ընձուղտի մարմինի ստորին մասը աւելի բաց գոյնի է եւ առանց գիծերու։ Ընձուղտներուն գլուխին վրան կան երկու մորթով ծածկուած եղջիւրիկներ։ Երբեմն կը հանդիպին եղջիւրիկներու երկու զոյգ։ Սեւ աչքերը շրջապատուած են խիտ թարթիչներով, իսկ ականջները կարճ են։ Ընձուղտները ունին լաւ տեսողութիւն, լսողութիւն եւ հոտառութիւն, որ իրենց կը թուլատրէ ժամանակին նկատել վտանգը։ Լաւ տեսողութեան կը նպաստէ նաեւ բարձր հասակը. իրենց ցեղակիցներուն ընձուղտները կրնան նկատել մէկ ք․մ․ հեռուէն։

Երկար վիզին շնորհիւ ընձուղտը կրնայ արածիլ ծառերուն վերին սաղարթները:

Ընձուղտները կրնան արագ վազել եւ անհրաժեշտութեան պարագաներուն կը զարգացնեն ու կ'արձանագրեն 55 ք․մ․/ժ․ արագութիւն։ Սակայն հիմնականօրէն դանդաղ կը շարժին՝ սկիզբը երկու աջ ոտքը առաջ դնելով, ետքը՝ երկու ձախը։ Իրենց մեծ կշիռի եւ բարակ ոտքերու պատճառով ընձուղտները կրնան քալել միայն կարծր մակերեսի վրայ․ հեռու կը մնան ճահճային տեղերէն, իսկ գետերը իրենց համար անյաղթահարելի խոչընդոտներ են։ Չնայած այս ամէնուն ընձուղտները կրնան ցատկել եւ յաղթահարել մինչեւ 1.85 մ․ բարձրութեամբ պատնէշները։
Ընձուղտները խոտակեր կենդանիներ են: Մարմնի կառուցուածքի շնորհիւ անոնք կրնան արածիլ ծառերու վերին սաղարթները, հոն իրենք մրցակիցներ չունին: Ընձուղտը իր երկար լեզուով կը բռնէ ճիւղը, կը քաշէ դէպի բերանը եւ պոկոտելով կ'ուտէ տերեւները: Օրական ընձուղտը կ'ընդունի մօտ 30 քկ սնունդ եւ ուտելուն վրայ կը ծախսէ տասնվեցէն քսան ժամ: Հեղուկին պահանջարկը կը բաւարարէ սնունդի հաշուին եւ կրնայ առանց խմելու մնալ շաբաթներու ընթացքին:
Քնանալու վրայ ընձուղտին ծախսած ժամանակը ամենէն պակասն է կաթնասուններուն քով եւ կը կազմէ օրուան մէջ միջինը 1.9 ժամ:[1]

Տարածում եւ բնակավայր[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւսիսային ընձուղտները կ'ապրին սաւաննաներու, թփուտներու եւ անտառային տարածքներու մէջ: Բազմաթիւ տեղական բնաջնջումներէ ետք, հիւսիսային ընձուղտները ընձուղտի ամէնանուազաթիւ եւ ամէնաշատ վտանգուած տեսակն են: Արեւելեան Ափրիկէի մէջ, նուպիական ընձուղտները գլխաւորաբար կը գտնուին Քենիայի, Ուկանտայի, հարաւ-արեւմտեան Եթովպիայի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ: Ուկանտայի մէջ՝ Ուկանտայի Վայրի բնութեան վարչութիւնը, Ընձուղտներու պահպանման հիմնադրամի (Giraffe Conservation Foundation) աջակցութեամբ, նուպիական ընձուղտները տեղափոխած է Քիտեփօ ազգային պարտէզ՝ հոն բնակչութիւնը ամրապնդելու եւ ապահովելու համար. վերաբնակեցուցած է զանոնք Փիան Ուփէ վայրի բնութեան արգելոցին մէջ, տեղափոխած է Նեղոսի հարաւային կողմը՝ Մըրչիսըն ֆոլզ (Murchison Falls) ազգային պարտէզ, եւ ներկայացուցած է Լեյք Մպուրօ (Lake Mburo) ազգային պարտէզ:

Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ կան գրեթէ 2,400 քորտոֆանեան ընձուղտներ՝ Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան, Չատի, Քամերունի մէջ, ինչպէս նաեւ փոքր, բայց աճող բնակչութիւն մը՝ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան Կարամպա ազգային պարտէզին մէջ: Ժամանակին տարածուած ըլլալով Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, արեւմտափրիկեան ընձուղտներու ընդամէնը քանի մը հարիւր հոգինոց մէկ բնակչութիւն սահմանափակուած էր Նիկերի Քուրէի Թոսօ արգելոցով եւ շրջակայ տարածքով, որ ծանօթ է որպէս «Ընձուղտներու գօտի»: 2018-ին, ութ ընձուղտներ վերաբնակեցուեցան կեդրոնական Նիկերի Քատապեճի արգելոցին մէջ՝ Ընձուղտներու պահպանման հիմնադրամի եւ Սահարայի պահպանման հիմնադրամի կողմէ. յաւելեալ չորսը տեղափոխուեցան 2022-ին: Ասիկա վտանգաւոր ձեռնարկ էր՝ հաշուի առնելով Քուրէի տարածաշրջանի անվտանգութեան ծանր վիճակը, սակայն ատիկա ստեղծեց արեւմտափրիկեան ընձուղտներու երկրորդ բնակչութիւն մը: Անոնք մեկուսացած են Հարաւային Սուտանի, Քենիայի, Չատի եւ Նիկերի մէջ: Անոնք սովորաբար կ'ապրին թէ՛ պահպանուող տարածքներու ներսը եւ թէ՛ անոնցմէ դուրս:

Հիւսիսային ընձուղտներու ամէնավաղ տարածքները եղած են Չատի մէջ՝ ուշ Փլիոցենի (Pliocene) ժամանակաշրջանին: Ժամանակին առատ ըլլալով Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, անոնք ապրած են Ալճերիայի մէջ վաղ Փլէյստոցենէն (Pleistocene) սկսեալ՝ Չորրորդական ժամանակաշրջանի ընթացքին: Անոնք ապրած են Մարոքի, Լիպիայի եւ Եգիպտոսի մէջ մինչեւ իրենց բնաջնջումը՝ մօտաւորապէս Ք.Ե. 600 թուականին, քանի որ Սահարայի չորացող կլիման անհնարին դարձուց պայմանները ընձուղտներուն համար: Ընձուղտի ոսկորներ եւ բրածոներ գտնուած են այս բոլոր երկիրներուն մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]