Jump to content

Էրէրնայ Սուրբ Սահակ եկեղեցի

(Վերայղուած է Էրէրնայ Ս. Սահակ եկեղեցի-էն)

Էրէրնայ Սուրբ Սահակ եկեղեցին կը գտնուի Էրէրին գիւղի հարաւային կողմը բարձրացող լերան լանջին, պարսպապատ է եւ բաղկացած է գմբէթայարկ տաճարէ եւ հասարակ դարպասէ մը։ Այստեղ կը պահուին սուրբ Սահակի աջը, որ այժմ փոխադրուած է Լիմ անապատը, որու իրաւասութեան կ'ենթարկուiի այս վանքը։ Ս. Սահակի վանքի լերան գագաթը կը կոչուի «Խաչգլոխ» ուր աւանդութեան համաձայն ճգներ է սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը եւ խաչ մը օծեր։ Այս տեղը տակաւին կանգուն է փոքրիկ մատուռ մը, ուր որպէս թէ աղօթեր է սուրբ Գ.Լուսաւորիչը։ Վարդավառի օրը բաւական մեծ բազմութիւն ուխտի կու գայ այստեղ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Վասպուրական. Նշանաւոր վանքեր - ԷՐԷՐՆԱՅ Ս. ՍԱՀԱԿ»։ www.digilib.am։ արտագրուած է՝ 2023-03-12