Jump to content

Էսթոնիոյ Թատրոն

Էսթոնիոյ թատրոնը ձեւաւորուած է 1784 թուականին, երբ Ավգուստ ֆոն Կոցեբուն Թալլինի մէջ սիրողական թատրոն հիմնեց։ Այդ ժամանակաշրջանի ներկայացումներու մեծ մասը կատակերգութիւններ էին, ուր անդրադարձ կ՝ ըլլար տեղի ազնուական գերմանացիներուն։ 1809 թուականին մասնագիտական թատրոն հիմնուեցաւ, որ ունէր իր սեփական շէնքը Թալլինի մէջ։ Խաղացանկը հիմնականին գերմաներէն լեզուով էր, սակայն էսթոներէն եւ ռուսերէն լեզուներով ներկայացումներ եւս կը բեմադրուէին[1]։

Ճորտատիրութեան դարաշրջանին, որ Էսթոնիոյ մէջ վերածուեցաւ 1816 թուականին, առաջին էսթոնական ազգային երաժշտական միութիւնը՝ Վանեմույնէն, ստեղծուեցաւ 1865 թուականին։ Վանեմոյնէ թատրոնի առաջին ներկայացումը Լիդիա Կոյդուլայի «Զարմուհին Սաարեմաայէն» ներկայացումն էր 1870 թուականին, որուն հետ ծնունդ առաւ էսթոնական թատրոնը։

Վանեմոյնէ երաժշտական եւ թատերական միութիւնը 1878-1903 թուականներուն ղեկավարեց Աւգուստ Վիերան։ 1906 թուականին միութեան նոր շէնք տրամադրուեցաւ եւ թատերախումբը, Քարլ Մեննինգի ղեկավարութեամբ, դարձաւ մասնագիտական թատրոն։ Սկսան բեմադրուիլ արեւմտեան գրողներ Հենրիկ Իբսենի, Գերհարտ Հաուպտմանի, ռուս Մաքսիմ Գորկիի եւ էսթոնացի Աւգուստ Կիցբերգի, Օսքար Լուցի եւ Էտուարտ Վիլդէի ստեղծագործութիւնները։

Թալլինի մէջ թատերախումբը մասնագիտական թատրոնի վերածուեցաւ Թէոդոր Ալտերմանի եւ Փաուլ Փիննայի գլխաւորութեամբ։ Յետագային այս թատրոնի հիման վրայ ստեղծուեցաւ Էսթոնիոյ ազգային օփերան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]