Jump to content

Զոքանչի Միջազգային Օր

Զոքանչի Միջազգային Օր

Տեսակ միջազգային օր
Ամսաթիւ Հոկտեմբեր ամսուան 4-րդ Կիրակին

Զոքանչի միջազգային օր (անգլերէն՝ National Mother-In-Law Day), Հոկտեմբեր ամսուան 4-րդ Կիրակին[1], ամբողջ աշխարհի տարածքին, կը յիշատակուի Զոքանչի միջազգային օրը: Իւրայատոկ օր՝ պատուելու տիկնոջ մօրը:

Տօնը որպէս կատակ ծնունդ առած է 1930-ական թուականներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ[2]։ Ապա, միջազգային այս օրը տարուէ տարի ունեցած է աւելի ու աւելի շատ երկրպագուներ: Այն, սակայն, հիմնականին մէջ կը յիշատակուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Լատինական Ամերիկայի եւ Եւրոպայի որոշ երկրներու մէջ։

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, 1934 թուականի 5 Մարտ-էն ի վեր կը յիշատակուի այս ոչ պաշտօնական իրադարձութիւնը[3], որու «մեղաւորը» Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թեքսասի նահանգի թերթերէն մէկուն խմբագիրն է, որ իր պարբերականին մէջ պատմած է այդ «կատակի»ն մասին, նմանատիպ տօներու հետ զուգահեռ անցնելով, ինչպիսիք են Մայրերու օրն ու Հայրերու օրը։

Ծանօթագրութււններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]