Զեփիւռ Շանթ
Զեփիւռ Շանթ, արուեստասէր եւ արուեստագէտ ծնողներու զաւակ'Տիկ. Զեփիւռ Շանթ երգի ու դերակատարութեան հանդէպ բնածին տաղանդով մը օժտուած է։ Անիկա տասնամեակներ զարդը կազմեց պէյրութահայ գեղարուեստական ձեռնարկներու, խանդավառելով ժողովուրդը։
Ծնած է Ռոտոսթօ (Թէվիր Տաղ) 1912 թուականին եւ դուստրն է քաղաքի ծանօթ ազգայիններէն հանգուցեալ Միհրան ապէլ Տատիքօզեանի։ Տակաւին փոքրիկ աղջնակ, ընտանիքին հետ կ'աքսորուի Տէր Զօր, ուր հրաշքով կ'ազատի։ Ընտանիքը ժամանակ մը կը մնայ Դամասկոս։ Զինադադարին կը վերադառնան հայրենիք եւ յետոյ յունական պատերազմին կ'ապաստանի Յունաստան։
1922 թուականին վերջնականապէս կը հաստատուին Լիբանան։ Յաճախած է Ս. Նշան ազգային նախակրթարանը եւ ուսումը մինչեւ «պրովէ» շարունակած է «Սէօր Վենսան տը Փոլ» վարժարանին մէջ: Երեք տարի դասաւանդած է Ալ-Ահլիէ վարժարանին մէջ ֆրանսերէն եւ ուսողութիւն։
Հօրը ցուցմունքներուն վրայ, որ արուեստագէտ լուսանկարիչ մըն էր եւ մասնագիտացած կարգ մը նուագարաններու մէջ, երաժշտութեան հանդէպ սէր կ'արթննայ իր մէջ։ Երեք տարի Պէյրութի երաժշտանոցը եւ Ամերիկեան Համալսարանի մէջ կը հետեւի երգեցողութեան, ուրկէ կը վկայուի։ Սակայն հայերէն երգելու շունչը ու ոգին կը պարտի հօրը եւ աւելի ուշ՝ Նիկոլ Աղբալեանին, մասնաւորաբար մեր աշուղական երգերէն Սայեաթ-Նովայի ստեղծագործութիւններ երգելու ոճին եւ մեկնաբանութեան մէջ։
Իր մասնակցութիւնը բերած է բազմաթիւ հանդէսներու եւ գեղարուեստական ձեռնարկներու, մեներգներով եւ երգչախումբի մասնակցելով։ «Գուսան» Երգչախումբին մաս կազմած է հիմնադրութենէն մինչեւ վերջը եւ հանդիսացած՝ անոր լաւագոյն մեներգողներէն մէկը։ Օգտուած է նաեւ մեծանուն Բարսեղ Կանաչեանի ցուցմունքներէն հայեցի շունչով արտայայտուելու մարզին մէջ։
Մեծանուն գրագէտ Լեւոն Շանթի թելադրութեամբ եւ քաջալերանքով, շրջագայութեան կ'ելլէ դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ ելոյթներ կ'ունենայ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ, ինչպէս Նիւ Եորք, Պոսթոն, Ուաշինկթոն, Լոս Անճելըս, Ֆրէզնօ, եւն., ուր ջերմ ու խանդավառ ընդունելութեան կ'արժանանայ։
Իր յայտագիրները կազմուած են ընդհանրապէս լոկ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէն, ինչպէս Կոմիտաս, Կանաչեան, Ալէմշահ, Սիւնի, Սայաթ-Նովա եւն.:
Քանի մը երգահանդէսներ տուած է նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Ուէսթ Հոյ» սրահին մէջ եւ այլուր։ Ունի երգապնակներ Սայաթ-Նովայէն, Կանաչեանէն եւ Կոմիտասէն։
Տիկ. Շանթ ունի նաեւ շնորհք դերակատարութեան։ Եղած է Համազգային Գասպար Իփէկեան թատերախումբի հիմնադիրներէն 1942 թուականին։ Խումբին հետ շրջագայած է Մերձ. Արեւելեան երկիրներ, հիւս. եւ հարաւային Ամերիկաներ։
1937 թուականին ամուսնացած է Լեւոն Շանթի զաւակին Պրն. Սուրէն Շանթի հետ։ Ունին զաւակ մը՝ Լեւոն, ծնած 1939 թուականին։
1970 թուականին պարգեւատրուած է Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Խորէն Կաթողիկոսին կողմէ Կիլիկեան Ասպետի շքանշանով։
Տիկ. Շանթ լիբանանահայ երգի ու թատրոնի լաւագոյն ուժերէն մին էր[1]:
Ծանօագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 235։