Զաւէն Թաշճեան
Զաւէն Թաշճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1944 |
Ծննդավայր | Այնճար |
Մահացած է | 3 Մարտ 1986 |
Ազգութիւն | Հայ |
Երեխաներ | Կարօ, Արմէն, Մարօ, Վահագն. |
Զաւէն Թաշճեան (1944, Այնճար (Լիբանան) - 3 Մարտ 1986, Այնճար), դերակատար եւ հասարակական եւ քաղաքական գործիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընկեր Զաւէն Թաշճեան ծնած է Այնճար, 1944-ին։ Յաճախած է Ազգային «Յառաջ» վարժարանը, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Պատանի հասակին անդամագրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին ու ապա ՝ Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութեան, որուն գաղափարական հնոցին մէջ կուսակցականի իր դաստիարակութիւնը ստանալէ ետք փոխանցուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը։
Մոլի ընթերցող էր ընկեր Զաւէն։ Մեծ ըմբոշխնումով կը կարդար մանաւանդ բանաստեղծական գործեր։ Ան բացառիկ տաղանդ ունէր ասմունքի եւ դերասանութեան։ Մաս կազմած է համազգայինի թատերական ներկայացումներուն եւ մեծ յաջողութեամբ մարմնաւորած է Պէպոյի կերպարը։
Լիբանանեան տագնապէն առաջ իսկ՝ ընկեր Զաւէն մաս կը կազմէր տեղւոյն Հ.Յ.Դ.«Կարմիր լեռ» կոմիտէին։ 1980-էն մինչեւ նահատակութիւնը, վեց տարի շարունակ կը վարէր անոր ներկայացուցիչի պատասխանատու պաշտօնը։
Մահը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]3 Մարտ 1986-ին, ընկեր Զաւէն Թաշճեան զոհ գնաց դաւադիր ոճիրի մը իր վաճառատան մէջ։ Անծանօթ մը մուտք գործելով վաճառատուն, ձայնարգել զէնքով մը երկու փամփուշտ արձակեց այդ պահուն առանձին գտնուող ընկերոջ վրայ եւ յաջողեցաւ խոյս տալ[1]։
Ընկեր Զաւէն նահատակ ինկաւ հայանուն վարձկանի մը ձեռքով արձակուած փամփուշտէն[2]։