Երուանդ Ճանլեան

Երուանդ Ճանլեան
Ծնած է 1892
Մահացած է 8 Մայիս 1942(1942-05-08)
Մասնագիտութիւն բժղկութիւն, պատասխանատու համալսարանի Հայ Ուսանողաց Միութեան

Երուանդ Ճանլեան (Ծնած՝ 1892, Տարսօն - Մեռած՝ 1942 Մայիս 8), բնիկ Տարսոնցի, ուր ծնած է 1892-ին: Շրջանաւարտ Տարսոնի Ամերիկեան Քոլէճէն 1913-ին Պ.Ա. Տիտղոսով։ Կ՛անցնի Պէյրութ եւ 1920-ին կ՛աւարտէ Ամերիկեան Համալսարանի' Բժշկական ճիւղը։ Երկար տարիներ կ՛ըլլայ դասախօս միեւնոյն համալսարանին մէջ եւ բժիշկ համալսարանի համայնքին։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին մեծ հոգ տարած է համալսարանի հայ ուսանողութեան՝ սոյն հաստատութեան տնօրէնութեան մօտ իբրեւ պատասխանատու համալսարանի Հայ Ուսանողաց Միութեան: Ներքին բազմաթիւ դժուարութեանց յաղթելով, կը ջանայ սոյն հաստատութիւնը կանգուն պահել։ Բժշկական մասնագիտութիւնը կը կիրարկէ խղճմտօրէն, մանաւանդ Այնէպի (Լիբանան) շրջանի բոլոր գիւղերուն մէջ, առանց նիւթական ակնկալութեան, հայու վայել լաւ ախտաճանաչ եւ խղճմտանքի տէր բժիշկ։ Մեռաւ 1942, Մայիս 8-ին։[1]

Ծանոթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 463։