Երուանդ Զօրեան
Երուանդ Զօրեան | |
---|---|
Ծնած է | 1883 |
Ծննդավայր | Կիրասոն |
Երուանդ Զօրեան, ծնած է Կիրասոն 1883 թուականին։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին ազգային վարժարանը, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Մարզուանի Անաթոլիա Գոլէճին մէջ, ուրկէ դուրս եկած է 1904 թուականին սքալըրշիփի աստիճանով։ 1906 թուականին փոխադրուած է Պէյրութ որպէս ուսանող եւ աւարտած է Տէշանի Առեւտրական վարժարանը։ 1908-1911 տնօրէն- ուսուցիչ Պէյրութի Արաբական Իսլամ Գոլէճի եւ 1912-19 անգլիական պաշտօնեայ Հալէպի մէջ, 1920-22 ելեւմտական պաշտօնեայ Ատանայի մէջ, 1922-ի սկիզբը փոխադրուած պաշտօնով Սուրիա, Հալէպ, որպէս ընդհ. հաշուակալ Հալէպի Պետական Ելմտից Սպասարկութեան, զոր շարունակած է մինչեւ 1943 իր օրինական հանգստեան թուականը, 1944 թուականին պաշտօնի կանչուած է Միրայի մէջ որպէս Պիւտճէի Հակակշռող Քննիչ, ուրկէ փոխադրուած է Հալէպի Մուհաֆաղայի Պարենաւոդման Սպասարկութեան Տնօրէնի պաշտօնին, զոր վարած է մինչեւ այս վերջնոյն օրինական լուծարքը՝ 1940 Օգոստոս։
Ազգային կեանքը
Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին առթիւ Պէյրութի մէջ ստեղծուած հայ գործադիր մարմնին անդամ եւ ապա Սր. Նշան եկեղեցւոյ Թաղ. խորհուրդին եւ Զինադադարին Պէյրութի Ազգային խորհուրդին անդամ։
Հալէպի մէջ անդամակցած է Ազգ. Գաւառական Ժողովին, ատենապետած՝ Ուսումնական Խորհուրդին եւ ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան։ Քառորդորդ դարէ աւելի ծառայած է ամերիկեան Նպաստամատոյցի, Հայ Երիտասարդաց եւ ապա Հ.Բ.Ը.Միութեան Հ.Ե.Ը.ին՝ որպէս վարջական ատենապետ եւ նախագահ։
Քառորդ դար ծառայած է միաժամանակ Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութեան որպէս ատենադպիր, ատենապետ, ըլլայ տնտեսականի, ըլլայ շրջանայինի մէջ։ Քսանհինգ տարի ծառայած է Հ.Բ.Ը.Միութեան որպէս անոր ինքնակոչ բրոբականտիստը։
Պրն. Զօրեան իրապէս բեղուն եւ օգտակար գործունէութիւն մը ունեցած է, մանաւանդ Հ.Բ.Ը.Միութենէն ներս, արժանի գնահատանքի[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 427։