Երնջակաբերդ
Բերդաքաղաք | |
---|---|
Երնջակաբերդ | |
Երկիր | Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն |
Երնջակաբերդը հնագոյն ամրոց-բերդաքաղաք եղած է Արեւմտեան Հայաստանի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Ջուղայի շրջանին մէջ։
Կը գտնուի Երնջակ գետի ափին գտնուող սրածայր ժայռի բարձրադիր մասը[1]։ Լերան` դէպի հիւսիս-արեւմուտք նայող ճիւղին վրայ կառուցուած եղած է իշխանական պալատը։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ունի հնագոյն պատմութիւն։ Պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու ունեցած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն։ Գոյութիւն ունեցած է առնուազն Ք.Ա․ 5-4-րդ դարերէն։
Եղած է Մեծ Հայքի Սիւնիք նահանգի յայտնի բերդերէն, որ գտնուած է Երնջակ գաւառին մէջ։
Նախիջեւանի ատրպէյճանականացման զուգահեռ բերդին պատմութիւնը վերափոխուած է, իսկ արդէն 2000-ական թուականներուն այն հիմնովին վերակառուցուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ կորսնցնելով իր պատմական նկարագիրը։
Երնջակ բերդը մինչեւ օրս ալ կը հանդիսանայ դժուարամատչելի, իսկ անցեալին եղած է գրեթէ անառիկ[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Նախճաւանի Երնջակաբերդ»։ 2020-03-31։ արտագրուած է՝ 2023-04-06
- ↑ «Նախիջեւանի գանձերը․ Երնջակաբերդ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-06։ արտագրուած է՝ 2023-04-06