Երկթեւեաններ

Երկթեւեաններ (լատիներէն՝ Diptera), միջատներու խումբ։

Երկթեւեաններու բերանը կենդանական նիւթեր ծծելու յարմար է , երկու հատ՝ քիչ երակներով թաղանթէ թափանցիկ թեւեր ունին , որոնց տակը 2 հատ ալ թեփերով ծածկուած ճօճացող թեւեր ունին։

Անոնց բոլորակ գլուխը՝ միայն բարակ դերձանով մը մարմնոյն հետ միացած է։ Անոնց աչքերը շատ մեծ են, կարմիր գորշ եւ երբեմն նաեւ ոսկեգոյն-կանանչ գունով։

Որոշուած չէ երկթեւեաններու տեսակներու թիւը. 10.000 տեսակ ճանչցուած է։ Կը բաժնուին 4 գլխաւոր ցեղերու։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Պատկերազարդ Բնական Պատմութիւն՝ Կենդանաբանութիւն, Հ. Գաբրիէլ Վ․  Մէնէվիշեան, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1897, էջ 290: