Jump to content

Երկարակրունկներ

երկարակրունկ
Երկարակրունկ

Երկարակրունկներ (լատիներէն՝ Tarsiidae), կաթնասուններու ընտանիքէն։

Մարմինին երկարութիւնը (արուին)՝ 8,5-16 սմ. է, պոչինը՝ 14,5-27,5 սմ., կշիռքը՝ 80-150 կր.։ Ունին շարժուն գլուխ, որ մինչեւ 360° կրնայ շրջիլ։ Ականջները երկար են, դունչը՝ կարճ, աչքերը՝ մեծ։ Առջեւի վերջաւորութիւնները կարճ են, ետեւինները երկարած են ուժեղ կրունկներուն հաշւոյն։

Բուրդը մոխրագոյն է կամ մութ սրճագոյն։ Պոչը մերկ է, կը վերջանայ վրձնաձեւ մազափունջով մը։

Բարակ, ոսկրոտ մատներուն ծայրերը ունին ներծծող բարձիկներ։

Երկարակրունկները կ'ապրին Ֆիլիփփինեան, Զոնտեան եւ Մալայեան կղզեխումբերուն մէջ։ Կ'ապրին զոյգերով, հազուադէպ՝ 3-4 անհատէ բաղկացած խումբերով։

Կը սնանին միջատներով, սարդերով եւ մողէսներով։

Յղութիւնը 6 ամիս է։ Էգը կ'ունենայ մէկ ձագ։

Նշեալ անասունները կը պատկանին գիշերային անասուններու ընտանիքին: Անոնք սակաւաթիւ են[1]:

Անոնք ունին շատ սուր ատամներ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։