Jump to content

Երկաթի Թունաւորում

Երկաթի Թունաւորումը կը յառաջանայ, երբ մարմինին մէջ աւելորդ քանակով երկաթ կը կուտակուի: Այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ բնական ձեւով կամ պատահական:

Երկաթի Թունաւորումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկաթը կարեւոր է մարմինի կենսաբանական համակարգերու մեծ մասին համար, յատկապէս` արեան: Միսը եւ որոշ բանջարեղէններ երկաթ կը պարունակեն, եւ ան հասանելի է առանց դեղատոմսի եւ վերահսկողութեան:

Երկաթի թունաւորումը կրնայ յառաջանալ.

  • Չափազանց երկաթի դեղահատեր առնելով,
  • Մեծահասակներու չափաբաժին (dose) առնող երեխայի մօտ,
  • Արեան բազմաթիւ փոխներարկումներով:

Աւելորդ երկաթը կրնայ ստամոքսին մէջ մնալ նոյնիսկ փսխումէ մը ետք:

Երկաթի չափազանցութիւնը կրնայ գրգռել ստամոքսը եւ մարսողական համակարգը` երբեմն նոյնիսկ արիւնահոսութիւն յառաջացնելով: Մեծ դեղաչափ ստանալէ ետք, քանի մը ժամուան ընթացքին մարմնի բջիջները կրնան թունաւորուիլ եւ անոնց քիմիական փոխազդեցութիւնները (chemical reactions) ազդուիլ:

Օրերու ընթացքին անհատը լեարդի վնաս կրնայ ունենալ, եւ վերականգնումէն շաբաթներ անց սկզբնական գրգռման եւ երկաթի բարձր դեղաչափի պատճառով սպիներ կրնան յառաջանալ ստամոքսի, մարսողական համակարգի եւ լեարդի մէջ:

Երկաթի թունաւորման քանի մը պատճառ կայ, որոնցմէ են` չափազանց դեղաչափը (overdose), երկաթի գերբեռնուածութիւնը (overload) եւ ծինական նախատրամադրուածութիւնը:

Չափազանց Դեղաչափ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկաթի սուր (acute) թունաւորութիւնը սովորաբար պէտք եղած չափէն աւելի մեծ դեղաչափի հետեւանք է:

Դէպքերուն մեծ մասը տեղի կ'ունենայ 5 տարեկանէ փոքր երեխաներու մօտ, որոնք պատահաբար կը ստանան երկաթի յաւելումներ (supplements) կամ մեծահասակներու համար նախատեսուած բազմակենսանիւթեր (multivitamins):

Երկաթի Գերբեռնուածութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկաթի գերբեռնուածութիւնը յայտնի է նաեւ որպէս երկաթի երկարատեւ (քրոնիք) թունաւորում: Անոր պատճառներէն են.

  • Արեան կրկնակի փոխներարկում` սակաւարիւնութեան (անեմիայի) բուժման համար,
  • Յաւելումներու չափէն աւելի երկաթով բուժում,
  • Լեարդի հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են երկարատեւ լեարդաբորբի C տեսակը կամ ալքոհոլ մոլութիւնը:

Ծինական Պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկաթի գերբեռնուածութիւնը կրնայ բնականօրէն պատահիլ ծինական որոշակի հիւանդութիւններու պատճառով: Օրինակներէն մէկը ժառանգական հեմոքրոմաթոզն է, ծինական կարգավիճակ մը, որ կը յանգի սննդեղէններ, երկաթի մեծաքանակ ներծծման (absorption):

Ախտանիշներն ու Փուլերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկաթի թունաւորումը սովորաբար ախտանիշներ կը յառաջացնէ մեծ դեղաչափ ստանալէ ետք` 6 ժամուան ընթացքին եւ կրնայ ազդել մարմնի տարբեր մասերու վրայ, որոնցմէ են.

Երկաթի թունաւորման ախտանիշներու ընթացքը սովորաբար կը բաժնուի հինգ փուլերու.

Առաջին փուլ (0-6 ժամ).- Ախտանիշները կը ներառեն` փսխում, արեան փսխում, փորհարութիւն, փորի ցաւ, դիւրագրգռութիւն եւ թմրութիւն: Լուրջ պարագաներուն կարելի է, որ տեղի ունենան` արագ շնչառութիւն, արագ սիրտի բաբախում, մահաքուն (coma), գիտակցութեան կորուստ, նոպաներ եւ արեան ցած ճնշում:

Երկրորդ փուլ (6-48 ժամ).- Ախտանիշները եւ ընդհանուր վիճակը կրնան բարելաւուիլ:

Երրորդ փուլ (12-48 ժամ).- Ախտանիշները կրնան ներառել` արեան շատ ցած ճնշում (ցնցակաթուած) (shock), տաքութիւն, արիւնահոսութիւն, դեղնախտ, լեարդի գործառոյթի անկում, արեան շրջանառութեան մէջ թթուի աւելցուք (acidosis) եւ նոպաներ:

Չորրորդ փուլ (2-5 օր).- Ախտանիշները կրնան ներառել` լեարդի գործառոյթի անկում, արիւնահոսութիւն, արեան լերդացման (clotting) խանգարումներ, շնչառական խնդիրներ եւ նոյնիսկ մահ: Արեան շաքարի նուազումը կրնայ յառաջանալ շփոթութեան, ուժաթափութեան կամ մահաթմբիրի հետ մէկտեղ:

Հինգերորդ փուլ (2-5 շաբաթ).- Ստամոքսը կամ աղիքները կրնան սպիանալ: Սպիացումը կրնայ յառաջացնել որովայնի արգելափակումներ, պրկումներ, ցաւ եւ փսխում: Աւելի ուշ կարելի է լեարդի ծանր վնաս ունենալ[1]:

Կանուխ ախտորոշումը եւ բուժումը կարեւոր են: Արեան եւ մէզի քննութիւնները ներառեալ երկաթի մակարդակը ստուգելու քննութիւնները, կրնան վստահելի չըլլալ ախտորոշման համար, եթէ անոնք անյապաղ չկատարուին:

Ախտորոշման ընթացքին կարեւոր է, որ մարդիկ տեղեկացնեն բժիշկը իրենց առած բոլոր դեղերուն եւ յաւելումներուն մասին: Այդ մասին ամբողջական բացայայտումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ որոշ յաւելումներ, ինչպէս` Սէ.  կենսանիւթը, կրնան աւելցնել երկաթի ներծծումը մարմնին մէջ:

Եթէ դեղաչափի չափազանցում ըլլայ դեղահատերով, ապա երկաթի թունաւորում յառաջացնող այդ դեղահատերը երբեմն կարելի է տեսնել ստամոքսի կամ աղիքներու շողանկարներուն (X-ray) մէջ:

Երկաթի թունաւորումը կրնայ յանգիլ լուրջ, նոյնիսկ կեանքի սպառնացող բարդութիւններու: Երկաթի գերբեռնուածութեան պատճառով մահուան հիմնական պատճառներն են լեարդի եւ սրտի անբաւարարութիւնը:

Եթէ երկաթի թունաւորումը յառաջացնէ լեարդի լուրջ վնաս, այդ մէկը կրնայ յանգիլ ծանր շաքարախտի: Շաքարախտը կրնայ յանգիլ` մարմինի շաքարի անբնական մակարդակի, յաճախակի միզելու, յաւելեալ ծարաւի եւ քաղցի, յոգնածութեան, մշուշոտ տեսողութեան, ձեռքերու կամ ոտքերու թմրութեան եւ վէրքերու դանդաղ ապաքինման:

Սրտի անբաւարարութիւնը կրնայ յանգիլ` ոտքերու ուռեցման, շնչառութեան եւ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան, յոգնածութեան, արագ կամ անկանոն սիրտի բաբախումի եւ սրտխառնուքի:

Երկաթի սուր թունաւորման բուժման առաջին փուլը կը ներառէ մարմնի, շնչառութեան եւ արեան ճնշման կայունացում:

Կախեալ թունաւորման մակարդակէն` բուժումը կրնայ ներառել մաքրող բուժումներ, ինչպիսիք են բոլոր աղիքներու ոռոգումը եւ հանքախլման (chelation) բուժումը: Այս մաքրող միջոցներու գաղափարը կարելի եղածին չափ արագ ազատիլն է աւելորդ երկաթէն եւ նուազեցնել անոր թունաւոր ազդեցութիւնը մարմնի վրայ:

Աղիքներու Ամբողջական Ոռոգում

Այս գործարկումը արագօրէն դուրս կը բերէ աւելորդ երկաթը ստամոքսի եւ աղիքներու ճամբով: Անհատը կա՛մ յատուկ լուծոյթ մը կը խմէ, կա՛մ քիթի ճամբով` խողովակի մը միջոցով կ'առնէ այդ մէկը: Շողանկարները կրնան յայտնաբերել դեղահատերը եւ կարելի է հետեւիլ անոնց, երբ անոնք շարժին մարսողական համակարգին մէջ[2]:

Հանքախլման Բուժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս բուժումը նաեւ կրնայ ազատել մարմինը թոյներէ, իտէալականը` նախքան անոնց տեւական վնաս հասցնելը: Քիմիական լուծոյթը կը ներարկուի արեան մէջ եւ կը կապուի աւելորդ թունաւոր հանքանիւթերու հետ` զանոնք հեռացնելով մարմնէն, մէզի միջոցով:

Նշանակալից ախտանիշներով կամ արեան մէջ երկաթի բարձր մակարդակով մարդիկ կրնան հիւանդանոցային կարգի անցնիլ: Որոշ մարդոց համար կրնայ պահանջուիլ շնչառութեան աջակցութիւն կամ նոյնիսկ սրտի զննում (monitoring):

Երկաթի թունաւորման հականիւթը Տիֆերօքսամինն (deferoxamine) է[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]