Եղբայր Եմք Մեք
(Վերայղուած է Եղբայր եմք մեք (Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան)-էն)
Ագգային միութեան ստեղծումը՝ 19-րդ դարու կիսուն, հայութեան հիմնական խնդիրը եղած է։ Միասնութեան թեման մամուլի եւ գրական գործերու նիւթ դարձուած է՝ յաղթահարելու համար թէ՛ աշխարհագրական ցրուումը, թէ՛ կաթողիկէ եւ բողոքական համայնքներու ստեղծումով ծագած յարանուանական պառակտումները։ Կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ՝ Մ. Պէշիկթաշլեան առաջին ու գլխաւոր քարոզիչ–գործիչներէն պիտի ըլլար՝ այս բաժանումներու յաղթահարման ճամբուն վրայ։
«Եղբայր եմք մեք»ը կը ցուցահանէ Մ. Պէշիկթաշլեանի գորովագին հոգին։ Այս իսկական «հաւատամք»ին մէջ, ան բարձրագոյն արժէք ու իտէալ կր յայտարարէ իր նմանին, ազգակիցին սէրը։ Թէեւ օրուան վիպապաշտ ոճով ու շատ ընդհանուր բանաձեւուած, հոն տեղ գտած է նաեւ բանաստեղծին պատկերացումը՝ միութեան ստեղծման կերպին ու բարերար հետեւանքներուն մասին։