Jump to content

Եզնիկ Ա. Քհնյ. Ապահունի

Եզնիկ Ա. Քհնյ. Ապահունի
Ծնած է 1895
Մահացած է 1962
Երեխաներ եօթ զաւակ

Տ. Եզնիկ Ա. Քհնյ. Ապահունի (1895 - 1962), աւազանի անունով՝ Նազարէթ, որդի Պետրոսի եւ Եւայի, ծնած է Տէօրթեօլ, 1895-ին։

Հայրը ունեցած է երկու զաւակներ՝ Նազարդթ եւ Գէորգ։

1909-ի Ատանայի կոտորածին, Նազարէթ կորսնցուցած է իր ծնողքը եւ որբ մնացած։ Իր Գէորգ հօրեղբայրը ստանձնած է անոր հոգածութիւնը քանի մը տարիներ։ Երբ դժուարութեանց հանդիպած է, զայն պատսպարած է Տէօրթ-Եօլի հայոց Ազգ. Որբանոցը։

Իր նախնական ուսումը ստացած է որբանոցի վարժարանը, զորս աւարտելէ ետք, իբրեւ յաջողակ աշակերտ, ընտրուած է չորս հարիւր որբերուն մէջէն եւ տնօրէնութեան ջանքերով 1911-ին ուղարկուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի դպրեվանքը, ուսումը շարունակելու եւ եկեղեցական ըլլալու։

Նազարէթ օրինաւորապէս աւարտած է դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինը եւ ստացած համապատասխան վկայական։ Երբ սկսած է ընծայարանի դասընթացքին հետեւիլ, կը պայթի Համաշխարհային Ա. Պատերազմը։ Անապահով պայմաններուն մէջ, դպրեվանքի ուսումը կ'ընդհատուի։ Սահակ կաթողիկոս Խապայեան կը կանչէ բոլոր ուսանողները, կը պարզէ կացութիւնը եւ կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւր ուսանող վերադառնայ իր տունը։

Այս պատճառով հեռացած է դպրեվանքէն ու յանձնուած ճակատագրին։ Վերադարձած է Տէօրթ-Եօլ՝ հօրեղբօր միանալու, բայց չէ գտած զայն. ան մահացած էր արդէն։ Թարգմանիչի պաշտօն վարած է ֆրանսացիներուն քով եւ սիրուած՝ իր մեծերէն։ Պատասխանատուն՝ Լէյթնան Պոն, երբ իմացած է, որ Նազարէթ կ'ուզէ Հալէպ տեղափոխուիլ, յանձնարարագիր մը կու տայ իրեն, որ կարենայ շուտով գործ ապահովել։ Իրապէս ալ նպատակին կը ծառայէ այդ նամակը։ Շուտով գործ գտած ու Հալէպի փոստ-հեռագրատան մէջ պաշտօնեայ նշանակուած է։

Սակայն այս բոլոր պաշտօններն ու տարած աշխատանքները չեն գոհացուցած իր ազգային զգացումները։ ան ձգտած է աւելի բարձր ծառայութեան։ Իբրեւ դպրեվանեցի, երազած է վերադառնալ իր ժողովուրդին եւ նուիրուիլ սերունդի դաստիարակութեան գործին։ Այդպէս՝ 1918-ին, հրաժարելով պաշտօնէն, լքած է Հալէպը եւ տեղափոխուած՝ Իսկէնտէրուն ու տեղւոյն Նուպարեան Ազգ. Վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարած է։ Ապա անցած է Տէօրթ-Եօլ եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան որբանոցին մէջ ուսուցչութիւնը շարունակած է մինչեւ 1920 թուականը։

Երկու տարիով հեռացած է կրթական կեանքէն ու նետուած՝ ազատ ասպարէզ, որպէսզի կարենայ նիւթական խնայողութեամբ ամուսնանալ, եւ ապա վերադառնալ դպրոց։

Նազարէթ իր կեանքի ընկեր ընտրած է Յովհաննէս եւ Զարմինէ Մետոյեանի դուստրը՝ Սիրվարդը, որուն հետ պսակուած է 1923-ին, Իսկէնտէրունի մէջ։ Ունեցած է եօթ զաւակներ՝ Քնարիկ, Եւա, Գէորգ, Պետրոս, Մելինէ, Վեհանոյշ եւ Մարի:

Ամուսնութենէն ետք, վերադառնալով կրթական կեանքին, ուսուցչական պաշտօն վարած է Պէյրութի Մեսրոպեան (1924-1925), Իսկէնտէրունի Նուպարեան (1925-1928) եւ Ազգային (1928-1931) վարժարաններուն մէջ։

Նազարէթի եկեղեցական պատրաստութիւնն ու կրթական կեանքի փորձառութիւնը չեն վրիպիր Տ. Խադ Վրդ. Աջապահեանի եւ տեղւոյն ազգայիններու ուշադրութենէն։ Անոնք ամէն ճիգ կը թափեն զինք համոզելու, որ քահանայ ձեռնադրուի։

Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է Բերիոյ Թեմի Առաջորդ՝ Տ. Արտաւազդ Եպս. Սիւրմէեանի ձեռամբ, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 21 Նոյեմբեր 1931-ին, վերակոչուելով Տէր եզնիկ։

Առաջնորդ Սրրազանը շատ լաւ տպաւորուած իրմէ, արտօնած է Տ. Եզնիկին Հալէպի մէջ քահանայագործել։ Բայց տէր հայրը խոստացած էր վերադառնալ Իսկէնտէրուն եւ տեղւոյն Առաջնորդին որոշած շրջանին մէջ քահանայագործել։

Տէր հայրը երբեք հանգիստ չէր սակայն. անոր միտքէն ուրիշ մտածումներ կ'անցնէին: Առանց դպրոցի, գաղութին ազգապահպանման նախաձեռնութիւնները թերի էին։ Մանուկներուն համար անհրաժեշտ էր դպրոցը։

Առանց ձգձգելու, տեղւոյն ուժերով, կազմած է ուսուցչական կազմ, ծնողներուն բացատրած է իր նպատակը, աշակերտներ արձանագրած եւ իր գլխաւորութեամր բացած է նոր դպրոցը, զայն մկրտելով «Ռէհանիէի Ազգ. Վարժարան» անունով։

Եւ ինք իբրեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ լծուած է դաստիարակութեան գործին։ Մի հարցնէք թէ ի'նչ պայմաններով։ Ան այս երկու նախադասութիւններով յաջողած է վերականգնել գաղութը, վերաշխուժացնել եկեղեցական-կրթական կեանքը ու վերակազմակերպել ժողովուրդին հաւաքական կեանքը։

Շնորհիւ ֆրանսերէն եւ օսմաներէն լեզուներուն իր իմացութեան, եկեղեցիին, դպրոցին ու համայնքին գործերը դիւրութեամբ կատարած է պետական գրասենեակներուն մէջ։ Հովուական, վարչական այս գործերը վարած է մինչեւ 1936 թուականը։

Բայց ափսոս, 1936 թուականին, յանկարծ իր առողջական վիճակը խանգարուած է: Աչքի հիւադութեան պատճառով, տկարացած է տեսողութիւնը եւ դժուարացած է քահանայագործութիւնը։ Երբ բժիշկներու դարմանումները ի զուր կ'անցնին. Առաջնորդին ու Ազգ. Իշխանութեան միջոցներով մեկնած է Պէյրութ եւ ներկայացած Կաթողիկոսարան։ Սահակ Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, հիւանդանոցի մէջ Տէր Եզնիկ աչքի վիրաբուժութեան ենթարկուած է։ Բուժուելէ ետք, վերադարձած է իր հօտին ու շարունակած՝ հովուական գործը։

Երբ 1938-ին ֆրանսացիները պարպեցին Իսկէնտէրունն ու շրջակայ գիւղերը, ան բազմահազար հայերու հետ, ընտանեօք զաղթած է Հալէպ եւ հոն քահանայագործելու արտօնութիւն ստացած։ Նշանակուած է հոգեւոր հովիւ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ եւ թելադրած տէօրթեոլցի հայրենակիցներուն ու պատասխանատուներուն, որ օգտակար դառնան հայրենակիցներուն: Ծխատէր քահանան զանոնք հովուած է մինչեւ 1962 թուականը։

Դժբախտաբար, աչքի գործողութենէն ետք, տեսողութինը չէ վերագտած նախկին վիճակը, ընդհակառակը, հետզհետէ աւելի տկարանալով, դժուարացուցած է հովուական աշխատանքի իր թափը, սահմանափակուած է իր եկամուտը եւ ապրած է նիւթական համեստ պայմաններու մէջ։ Նիւթական անձուկ այս վիճակը այնքան տագնապեցուցած է զինք, որ հոգեպէս դարմանումներով վերագտած է առողջութիւնը, բայց քաշուած է հրապարակէն ու դադրած՝ քահանայագործելէ։

Այնուհետեւ, վայելած է զաւակներուն հոգածութիւնը։ Ուղեղի կաթուած ունենալով՝ երեք օրեր անկողինին ծառայելէ ետք, աչքերը յաւիտենապէս փակած է աշխարհին, Երեքշաբթի՝ 24 Յուլիս 1962-ին։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի ունեցած են Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի ձեռամբ, 25 Յուլիս 1962-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ Եւ մարմինը ամփոփուած՝ Ազգ. Գերեզմանատան մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 189-194։