Դռնբացէք

Դռնբացէքը Ծաղկազարդի երեկոյեան կատարուող արարողութիւն մըն է, որ առաւօտեան կատարուող տօնախմբութեան լրացումն է։ Ծաղկազարդն ու Դռնբացէքը, մուտքի՝ ներս մտնելու խորհրդանիշներն են։ Ծաղկազարդը պատկերացումն է Քրիստոսի յաղթական մուտքին Երուսաղէմ Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, իսկ Դռնբացէքը, մարդոց խորհրդանշական մուտքն է Վերին Երուսաղէմ։

Անունը՝ դռնբացէք, կը նշանակէ դուռը բացէք։ Անցեալին այս արարողութիւնը դուրսը՝ եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ կը կատարուէր, սակայն եղանակի անյարմարութիւնն ու այլազգիներուն նեղութիւնները պատճառ դարձած են, որ արարողութիւնը եկեղեցիէն ներս, խորանին առջեւ կատարուի։

Եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին փակուած վարագոյրին առջեւ հոգեւորականը ծնրադիր եւ յուզախառն կ'երգէ «Բա՛ց մեզ Տէր, բա՛ց մեզ Տէր, բա՛ց մեզ Տէր զդուռն ողորմութեան, որ ողբալով կարդամք առ Քեզ» շարականը եւ մեծ բանալիով մը դրան ուռնակին կը զարնէ ու հաւատացեալներուն անունով արտասուալից կը պաղատի Աստուծոյ, որ իրենց թերութիւններուն ու մեղքերուն պատճառով իրենց առջեւ փակ չպահէ արքայութեան դուռները, այլ ներէ բոլորին մեղքերը եւ զանոնք Իր յաւիտենական թագաւորութեան մէջ ընդունի[1]:

Ամբողջ արարողութիւնը կը խօսի Աստուծոյ ողորմութեան ու բարութեան մասին։ Արարողութիւնը բեմական է։ Փակեալ Խորանին առջեւ սաղմոսներու, աղօթքներու եւ շարականներու կատարումէն ետք, քահանաներէն մէկը Ս. Խորան կը մտնէ, իսկ ուրիշ մը ծունկի կու գայ վարագոյրին առջեւ եւ կը սկսի երկխօսութիւն մը, որ ուն նպատակը հաւատացեալներուն դէպի Քրիստոս երթալու ընթացքն է[2]։

Արարողութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արարողութիւնը կը սկսի «Շնորհեա՛ մեզ Տէր» ԲՁ. շարականով, ուր արթնութիւն եւ իմաստութիւն, երկրորդ գալստեան՝ Իր աջ կողմը եղողներուն հետ ըլլալ, ողորմութեան դուռը բանալ մարդոց առջեւ, իմաստուն կոյսերուն հետ առագաստ մտնել եւ ոչ թէ յիմար կոյսերուն նման դուրս մնալ, եւ մարդոց հոգիներու լապտերներուն պայծառացումը եւ արքայութեան կոչունքին հրաւիրեալներուն հետ նստիլ կը խնդրուի։

Այս շարականէն ետք կ՚երգուի «Բա՛ց մեզ Տէր»ը, որ Տիրոջ ուղղուած աղերս է, մարդոց առջեւ բանալու ողորմութեան դուռը։

Ապա ներսը եղող քահանան կ՚ըսէ.

Ներսէն. «Որո՞նք են ասոնք, որ բանամ դուռը, որովհետեւ այս դուռը Տիրոջն է եւ արդարները կը մտնեն անկէ»։

Դուրսէն. «Ո՛չ թէ միայն արդարները կը մտնեն, այլեւ մեղաւորները՝ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ արդարացած»։

Ներսէն. «Որովհետեւ ասիկա դուռն է երկինքի եւ հովիտը տրտմութեան, զոր Աստուած Յակոբին ուխտեց. արդարներուն հանգստարան, մեղաւորներուն քաւարան, Քրիստոսի արքայարան, հրեշտակներու բնակարան, սուրբերու ժողովարան, ապաւէնի քաղաք եւ տուն Աստուծոյ»։

Դուրսէն. «Սուրբ Եկեղեցւոյ մասին ըսածներդ արժան են եւ արդար, որովհետեւ մեզի համար ան անարատ մայր է եւ անկէ կը ծնինք լոյսի եւ ճշմարտութեան զաւակներ եւ ան մեզի համար կեանքի յոյս է եւ անով կը գտնենք հոգիի փրկութիւնը եւ ան մեզի համար արդարութեան ճամբայ է եւ անով կ'ելլենք մեր երկնաւոր Հօր՝ Քրիստոսի մօտ»:

Ապա կ'երգուին ԲԿ. «Իմաստուն կուսանքն», «Յոյս իմ ես Դու Տէր» եւ «Մեղք իմ բազում են յոյժ» շարականները, որոնց միտք բանին հոգեւորապէս պատրաստուիլն է երկնային առագաստէն ներս մտնելու՝ զղջալէ, մեղքերը խոստովանելէ եւ Տիրոջ գթութեան, ողորմութեան եւ մարդասիրութեան ապաւինելէ ետք։ Այս շարականներէն ետք դարձեալ կ'երգուի «Բաց մեզ Տէր»ը. ու արարողութիւնը կը շարունակուի։

Ներսէն. «Ահա կը տեսնենք մեր Տէրը՝ Քրիստոսը, որ բազմած է Սուրբ Սեղանին վրայ եւ Իր մօտ կը կանչէ Իր կամքը կատարողները թէ՝ ուր որ Ես եմ, հոն պիտի ըլլայ նաեւ Իմ պաշտօնեաս»։

Դուրսէն. «Աստուածորդիին անապական արիւնին գինն ենք, ցնծութեամբ կ'օրհնենք մեր Փրկիչը՝ Քրիստոս եւ միաբերան կ'ըսենք, փառք սոսկալի գալստեանդ, Տէ՛ր»։

Կ'երգուի «Թագաւոր փառաց» ԳՁ. շարականը, որ կը յայտարարէ, թէ արթնութեամբ մարդիկ կը սպասեն փառաց Թագաւորին, անաղօտ լապտերներով իմաստուն կոյսերուն հետ միասին, եւ կը թելադրէ շտապել, որպէսզի մարդիկ դուրս չմնանն եւ չշիջին յիմար կոյսերուն նման։ Դարձեալ կ'երգուի «Բա՛ց մեզ Տէր»ը, ու արարողութիւնը կը շարունակուի։

Ներսէն. Ահաւոր Աստուծոյ փողը մեծաձայն կը գոչէ ըսելով. «Ահա Փեսան կու գայ, եկէ՛ք Անոր ընդառաջ»։

Դուրսէն. Ահա ես եւ Աստուծոյ ինծի տուած զաւակներս հոս ենք եւ կ'ակնկալենք տեսնել Քրիստոսը եւ լսել Անոր երանաւէտ բարբառը։

Ներսէն. Արարիչ Աստուծոյ ձայնը կը գոչէ ըսելով. «Եկէ՛ք Հօրս օրհնածներ եւ ժառանգեցէ՛ք աշխարհի սկիզբէն ձեզի պատրաստուած արքայութիւնը»։

Դուրսէն. «Բացէ՛ք ինծի ողորմութեան դուռը, որպէսզի անկէ մտնեմ եւ Տիրոջ խոստովանիմ»։

Այս նախադասութիւնը ըսելէն ետք, կ'երգուի «Զողորմութեան Քո զդուռն» ԴԿ. շարականը եւ վարագոյրը կը բացուի։ Շարականին բառերը, Տիրոջ ուղղուած խնդրանք է՝ բանալու ողորմութեան դուռը եւ մարդիկ արժանի ընելու սուրբերուն հետ միասին՝ լուսեղէն յարկերը մտնելու, ուր սուրբերուն համար օթեւաններ պատրաստուած են, եւ երբ Տէրը գայ դատաստան ընելու, խնայէ Իր արարածները սուրբերուն եւ ճգնաւորներուն բարեխօսութեամբ։

Շարականին երգեցողութենէն անմիջապէս ետք կ'ընթերցուի Յովհաննէսի Աւետարանին 12-րդ գլխուն 44-50 համարները, ապա սարկաւագը «Խնդրեսցուք» քարոզը կ'ըսէ, քահանան՝ «Թագաւոր խաղաղութեան» աղօթքը կ'աղօթէ եւ ժողովուրդը ի խաղաղութիւն կ'արձակէ[3]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]