Jump to content

Դէպի Այաշ

Դէպի Այաշ (Հին ու Նոր Յուշեր), հայ ազգն իր հայրենի դարաւոր երկրէն վտարելու եւ բնաջինջ ընելու Իթթիհատի եւ գերման դիւային խորհուդին առաջին երկունքը կրեց պոլսաբնակ հայ մտաւորականութիւնը։ 1915 Ապրիլ 11, 12 եւ 13-ի անմոռանալի օրերուն տեղի ունեցած միահաղոյն ձերբակալութիւնները մահասարսուռ արհաւիրք մը սփռեցին գրէթէ բոլոր հայերու սիրտերուն մէջ։ Գերման ձախլիկ կայսեր ձախաւեր խորհուրդով նիւթուած այս տարագրութեան ճիւաղային ծրագիրը գաղտնիք մը չեր սակայն ամէն անոնց համար, որոնք ուշադիր կը հետեւէին օրուան իրադարձութիւններուն։ Մինչ Ճաւիտ Փարիզի մէջ Օսմանեան փոխառութիւն մը կնքելունպատակով՝ կոչունքէ կոչունք կը հրաւիրուէր, մինչ եւրոպական մեծ տէրութիւններ Հայաստանի բարենորոգմանց խնդրին իսկապէս լծուած կը նկատէին հայաբնակ վեց նահանգներուն համար եւրոպացի երկու քննիչներ ընտրելով, անդին Քայզէրը եւ Իթթիհատական կառավարութեան վարիչ պետերը գաղտնաբար կը նիւթէին հրէշային դաւադրութիւն մը՝ ընդդէմ բովանդակ հայ ազգին, որուն միակ յանցանքն ուրիշ բան չէր, բայց եթէ երկրին բարեկարգութիւնն ու բարգաւաճումը պահանջել, անզուգական Նուպար Փաշայի բերնով, որ իր բովանդակ ոյժն ու կորովը ի սպաս դրած էր հայ ազգին, այս արդար դատի իրականացման համար։

Առաջին անգամ ռուսական թերթերը եղան որ մատնանիշ ըրին այս դիւային ծրագրին իսկական գոյութիւնը։ Ի միջի այլոց Մոսկուա հրատարակուող ռուս Կոլոս Մոսքոյ թերթը մատնանիշ ըրած էր տարագրութեան հրէշային ու թաքուն ծրագրի մը գոյութիւնը։ Գերմանիա Անատոլուի հայաբնակ նահանգները գերման գաղթավայրի մը վերածելու խորախորհուրդ ծրագիրը յաջողցնելու համար պետք տեսած էր մէջտեղէն վերցնել այն տարրը, որ իր անզուգական կորովով, աննկուն ոգիով եւ անյողդողդ կամքով հզօր մրցակից մը պիտի հանդիսանար իր ոտնձգութիւններուն դէմ։ Այդ տարրը հայն էր, անվեհեր հայութիւնն էր։ Եւ արդարեւ գերմանները վաղուց հասկցած էին թէ ապագային հայը միայն պիտի ծառանար իրենց դէմ։ Այս յամառ մրցակիցը միանգամընդմիշտ մէջտեղէն բառնալու համար յաջողած էին խաբել եւ հմայել տիրող թուրք տարրին անմիտ կառավարութիւնը, եւ ընդանրապէս տարագրութեան գաղափարը թելադրած էին անոր։ Թուրք թերթերէն Իգտամ, իր 1914 Յունուար 17-ի թիւով, միամտաբար կը փորձէր հերքել ռուսական Կոլոս Մոսքոյ թերթին մատնանշած թաքուն ծրագրին գոյութիւնը։ Աւա՜ղ որ այն ատեն մեր ազգային իշխանութիւնները Իգտամի միամտութեան չափ անփութութիւն ցոյց տուած էին, երբեք չանդրադառնալով թէ իրօք այդպիսի թաքուն ծրագիռ մը գոյութիւն ունէր թէ ոչ։ Իգտամի տողերը համառօտ կը ներկայացնենք: Իրապէս ապացուցուած նկատելով թէ հայ տարագրութեան եւ բնաջնջման ծրագիրը համեւրոպական պատերազմէն առաջ իսկ նիւթուած էր Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, քանի որ ան իսկապէս գործադրուեցաւ պատերազմի տեւողութեան միջոցին, նոյնինքն գերմաններու առաջնորդութեամբ։ «Մոսկուայի Կոլոս Մոսքոյ թերթը մատնանիշ կ'ընէ թուրք եւ գերման ծրագրի մը գոյութիւնը, որուն նպատակն է հայաբնակ նահանգներէն հայերը հեռացնել եւ դէպի Միջագետք տարագրել։ Ռուս թերթը կը յարէ թէ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ տնտեսական շահերուն համապատասխան պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ բնակեցնել իսլամներ, որոնք ի հարկին Կովկասի իսլամներուն հետ միանալով պիտի կրնան լուրջ ընդդիմութիւն մը ընել սլաւական ոտնձգութիւններուն», կ՝ըսէ Իգտամ աւելցնելով, «Օսմանեան Կառավարութիւնը այդ տեսակ բան մը ընել պէտք չունի, վասնզի հայաբնակ վայրերու մէջ իսլամներն են որ կը կազմեն մեծամասնութիւնը։ Կառավարութիւնը եթէ կարծած ըլլար թէ Հհայերը սլաւական հոսանքին պիտի ծառայեն, հիմա արաւելեան Անատոլուի մէջտեղ հաշտարար ու բարեկարգիչ քաղաքականութեան մը հետեւելու տեղ՝ անհաշտ ու հակառակ քաղաքականութեան մը կը հետեւէր, մինչդեռ Օսմանեան կառավարութիւնը, հայերը գոհացնելու համար, թոյլտուութեան վերջին աստիճանին հասած է։ Կառավարութեան ընթացքը ժողովուրդին մէջ հայրենակցական սէրը հաստատելու կը միտի եւ ո՛չ թէ իրար ձգելու։ Արդէն մենք չենք կարծեր որ հայերը սլաւական հոսանքին ծառայեն, վասնզի ի՞նչ օգուտ պիտի ունենան եթէ այդ հոսանքը սկսի, միթէ հայութիւն կը մնա՞յ։» Իգտա, Գազազ Յարութիւն ամիրայի Թուրքիոյ մատուցած ծառայութիւնները յիշատակելէ վերջ՝ միամտաբար կը հարցնէ.- «Միթէ կարելի՞ է հարիւր հազարաւոր Հայերը դէպի Միջագետք քշել։ Եթէ հայերն իրենք իսկ հաւանին, գործադրութիւնն անկարելի է։ Ի՞նչ հարկ կայ, այն է միշտ դժուարութիւններ յարուցանել Օսմանեան կառավարութեան դէմ։ Ինչ որ թուրք թերթն անկարելի կը կարծեր, այսօր իրականութիւն է սակայն։ Հարիւր հազարաւոր անմեղ հայերուն արիւնը խմող Էնվէրներու եւ Թալէաթներու նման մարդկային հրէշներու համար միթէ անկարելի բան կա՞ր այս աշխարհին մէջ։

  • Յուշարձան, Ապրիլ Տասնըմէկի Սգահանդէսի Յանձախումբ, Պոլիս, էջ 95-96-97