Դաստիարակ (ամսագիր)

«Դաստիարակ», պատկերազարդ ամսագիր։ Լոյս տեսած է1873-1874 թուականներու, Թէոդոսիոյ մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Տ․ Տէօվլէթեան։

Իր խնդիրը համարած է ընթերցողներուն օգնել գիւղատնտեսութեան, արհեստներու, վաճառականութեան, մանկավարժութեան, առողջապահութեան եւ այլ հարցերու մէջ։ Տպագրած է նաեւ յօդուածներ աշխարհագրութեան, պատմութեան, բնագիտութեան, բուսաբուծութեան վերաբերեալ, պաշտօնական տեղեկութիւններ, տարբեր լուրեր։ Ընտանիքի եւ կենցաղի հարցերուն մէջ կարեւոր դեր յատկացուցած է կնոջ, շեշտաց է անոր գրագիտութեան մակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը։ Անդրադարձած է նաեւ գեղարուեստի խնդիրներուն, նիւթեր տպագրած Յովհաննէս Այվազովսկիի մասին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։