Դասականութիւնը հայ գրականութեան մէջ
Հայ Դասական Գրականութիւն, հայ գրականութեան հոլովոյթին մէջ, դասական ուղղութեան բնորոշ գիծեր կը գտնենք միայն նոր գրականութեան նախորդող տասնամեակներուն, այսինքնէ 1770ական տարիներէն մինչեւ 1850 - 1860-ականներ։ Դասական հակումով բանաստեղծներն ու թատերագիրները եղած են առաւելաբար Մխիթարեան միաբաններ, ու մեծ մասամբ գրած են գրաբարով։ Անոնք ըրած են նաեւ թարգմանութիւններ դասական գրական գործերու, հնադարէն թէ նոր ժամանակներէն, կրկին յաճախ գրաբար։
Դասական դպրոցը կաեւոր տեղ չգրաւեց հայ գրականութեան հոլովոյթին մէջ, չարտադրեց կենդանի, ժամանակին դիմացող գործեր։ Այս փաստին պատճառները հասկնալի են։
Նախա-զարթօնքեան այդ տասնամեակներուն, ո՛չ միայն հայ զանգուածը զուրկ էր ուսումէ, մշակոյթէ ու գրական ճաշակէ, այլեւ չկար նոյնիսկ աշխարհիկ մտաւորականութիւն, չհաշուած չնչին բացառութիւններ։
Գրեթէ մշակութային կեանքի այս պայմաններուն մէջ, գրական գործիչները պիտի ըլլային կտրուած հայութեան ներկայէն՝ հաղորդ միայն անոր անցեալին։
Միւս կողմէն, Եւրոպայի մէջ դասական դպրոցը, այդ ժամանակաշրջանին, աւելի քան դարէ մը ի վեր արդէն հեռացած էր իր ուժեղ փուլերէն, եւ մօտ էր սպառնաելու։
Հայկական դասականութիւնը 1850 թուականէն ետք հրապարակէն դուրս պիտի մղուէր, նախ վիպապաշտ, ապա իրապաշտ շարժումներու կողմէ։ Այսպէս, արդէն ըլլալով ոչ-ժողովրդական իբրեւ ոճ ու ոգի, անիկա նուազագոյն առիթն իսկ պիտի չունենար զարթնող հայութեան մէջ արմատաւորուելու։