Գրիգոր Ֆըչըճեան
Գրիգոր Ֆըչըճեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Պոլիս |
Քաղաքացիութիւն |
Թուրքիա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր | Ազգային Կեդրոնական Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | Բժիշկ, գրագէտ |
Գրիգոր Ֆըչըճեան, հայ գրագէտ եւ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրիգոր Ֆըչըճեան ծնած է Պոլիս։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ուրկէ անցած է Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտած է 1947-ին։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Պոլսոյ բժշկական համալսարանին մէջ, եւ վկայուած՝ 1955-ին, որպէս բժիշկ։ Զինուորական պարտականութիւնը լրացնելէ եւ տարի մը Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցին մէջ պաշտօնավարելէ ետք գաղթած է Ամերիկա:
1958-էն սկսեալ իր բժշկական ասպարէզը ի գործ կը դնէ Նիւ Եորքի, Քենսասի, Տիթրոյթի եւ Թորոնթոյի հիւանդանոցներուն մէջ, միեւնոյն ատեն հետեւելով մասնագիտութեան։1968-ին Բիթսպուրկ-Բենսիլվանյայէն կը վկայուի որպէս մանկանց հիւանդութեանց մասնագէտ, եւ ապա կը հաստատուի Միշիկըն, ուր կը հիմնէ իր սեփական դարմանատունը։
Ամուսնացած է Սիլվա Փանոսեանի հետ, որ նոյնպէս մասնագէտ բժիշկ է մանկնաց հիւանդութեանց։ Իրենց որդին՝ Սեւան մագիստրոսի վկայական ստացած է Գլիվըլէնտ եւ Իսթմըն երաժշտական համալսարաններէն։
Գ.Ֆըչըճեան գրել սկսած է փոքր տարիքէն, Կեդրոնական վարժարանի գրասեղաններու վրայ։ Մնայուն աշխատակիցը եշած է Տիթրոյթի Պոլսահայ Մշակութային Միութեան «Միութիւն» հանդէսին, ուր ստորագրած է քերթուածներ, պատմուածքներ եւ երգիծական գրութիւններ։
Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ցարդ հրատարակած է բանաստեղծութեանց հինգ գրքոյկներ. «Թուղթէ Գնդակը» (1977), «Ռատիոաքթիվ» (1980), «Չաստուածները կը Ննջեն» (1986), «21-րդ Դար» (1989), եւ «Արկածախնդրութիւն» (1994):
Տօքթ.Ֆըչըճեան կը մշակէ արդի բանաստեղծութիւնը՝ պարզ, գունագեղ իւրայատուկ ոճով եւ հիւմըրով։ Կու տայ իրական կեանքէ պատկերներ եւ Մայր Հայրենիքէն ներշնչուած գողտրիկ ու թախծալից տաղեր[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։