Jump to content

Գրամատիկ

«Գրամատիկ», գրական, գիտական, հասարակական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 19541960 թուականներուն, Լոս Անճելըսի մէջ։ Հրատարակիչ խմբագիր՝ Գրամատիկ Յարութիւնեան։ Թերթը իր ընթերցողներու ուշադրութեան ներկայացուցած է ազգապահպանութեան հարցերը, մղած է անոնց կրթական, մշակութային, մարզական օջախներու ստեղծման՝ ուծացման վտանգի դէմ պայքարելու համար։ Տպագրած է պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, երգիծանք, ուսումնասիրութիւններ, նիւթեր այլ ժողովուրդներու ազգային սովորոյթներուն եւ աւանդոյթներու մասին։ Առանձին էջերով նշած է հայ սովետական բանաստեղծներու յոբելեանները, ընթերցողներուն ծանօթացուցած է օտար լեզուով ստեղծագործող հայ գրողներուն։ Ներկայացուցած է եւ ողջունած է սփիւռքահայ արուեստագէտներու յաջողութիւնները, տեղեկութիւններ տպագրած է հայկական վարժարաններու մասին։ Լայն տեղ յատկացուցած է Քալիֆորնիոյ մէջ բնակող հայերի կեանքին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։