Գրական երկի վերլուծում
Գրական երկի վերլուծում
Ներածական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրական երկերը շօշափելի, «ապրող» արդիւնքն են ստեղծագործութեան ընթացքին։ Միայն անոնցմով է, որ ընթերցող եւ գրադատ, ու աւելի ուշ՝ գրականութեան պատմաբաններ, կապի մէջ կը մտնեն գրական շարժման հետ, գրականութեան հետ։ Իւրաքանչիւր գրական երկ կը կազմէ միաւոր մը՝ ուրոյն ու ամբողջ։ Բայց երկի մը մեթոտիկ ընկալման, հասկացումին համար՝ հարկադրուած ենք զայն վերլուծել, անոր մէջ զանազանել բաղկացուցիչ մակարդակներ կամ տարրեր։ Այս զանազանումը մտաւոր գործողութիւն մըն է, ոչ իրական բաժանում երկի մը այդ տարրերը իր մէջ ձուլուած կը մնան իբրեւ միակ ամբողջի մասեր։ Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք «բաղկացուցիչ մակարդակներ կամ տարրեր» արտայայտութեամբ։ Երկի մը մէջ կը զանազանենք առաջնահերթաբար անոր բովանդակութիւնը եւ անոր ձեւը։ Աւելի պարզ ու շօշափելի՝ պիտի ըսէինք անոր մարմին-նիւթը եւ անոր յօրինուածքը, կառոյցը։
Գրական երկի վերլուծում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բովանդակութեան, մարմին-նիւթին կարեւորագոյն երեսներն են՝
- բնաբաններու, գլխաւոր թէ երկրորդական թեմաներու ամբողջութիւնը անոր «նիւթը», «մարմինը»։
- գրագէտին մօտեցումը, գլխաւոր գաղափարը կամ կեցուածքը, իր կերպարներու եւ գործողութիւններու։ Կրնանք ըսել, որ բնաբաններու ամբողջութիւնը կը կազմէ երկին բովանդակութեան առարկայական կողմը. իսկ գրագէտին գաղափարական կեցուածքը կը հանդիսանայ երկի բովանդակութեան աւելի ենթակայական, անձնական երեսը։ Թեմաներ եւ կեցուածք- գաղափար սերտօրէն պայմանաւորուած են իրամով։ Գրագէտը իր թեմաները կ'ընտրէ գաղափարական որոշ կեցուածքի խորքին վրայ. ասոնք իրենց կարգին կը նպաստեն կեցուածք-գաղափարի շօշափելի տարազման, մարմին կու տան անոր։
- Երկի մը ձեւը, առաջին հերթին, անոր յօրինուածքն է նիւթի ձեւաւորումը։ Նիւթի ձեւաւորումը կը կատարուի գրական զանազան մօտեցում ներկայացումներով։ Յաճախ միասնաբար, կողք-կողքի, կը գործածուին հեղինակային «ձայնը» (պատում, հոգեվիճակներու տեղեկագրում, դիմանկար, բնանկար, ուղղակի դիրքորոշում-արժեւորում) ականատես-պատմողի ձայնը. գլխաւոր հերոսներէն մէկուն ձայնը (պատում, փոխադարձ արժեւորում) հերոսներու խօսքը (մենախօսութիւն, երկխօսոիթիւն) նամակներու կամ օրագիրի միջոցները։ Յատկապէս պատմողական սեռի երկերու մէջ, կարեւոր է նիւթի միութիւնը, կուռ կառոյցը, գլխաւոր գիծի մը շարունակական զարգացումը մինչեւ ծայրը. նոյնիսկ եթէ, յաճախ, անոր կ'ընկերանան երկրորդական, լրացուցիչ նիւթեր՝ իրենց համապատասխան զարգացումներով։ Պատմողական եւ թատերական գործերու պարագային յատկապէս, գրական երկերը յաճախ կ'ընթանան նիւթի հետեւեալ զարգացումով նիւթի ներկայացման գլուխ կամ տեսարան (կերպարներու եւ սկսող գործողութեան ծանօթացում, յետադարձ ակնարկ «նախապատմութեան»), հանգոյց (ճակատումին կամ դրուելիք հարցին սկզբնաւորութիւնը), զարգացում (ճակատումին կամ դրուող հարցին հասունացումը. գագաթնակէտ)։