Գրական Ստեղծագործութեան Սիւժէն

Գրական ստեղծագործութեան սիւժէն ( ֆր. sujet-առարկայ), գեղարուեստական երկի մը մէջ հեղինակը իր հերոսները կը դնէ որոշակի դէպքերու եւ յարաբերութիւններու մէջ, որոնց ընթացքին կը բացայայտուին անոնց նկարագիրն ու փոխյարաբերութիւնները։ Ուրեմն՝ գրական երկի մէջ պատկերուած դէպքերու, գործողութիւններու, մարդկային կապերու ամբողջութիւնը կը կոչուի սիւժէ։

Սիւժէն երկի բովանդակութեան որոշակի դասաւորումն է, ուր կը տրուին ժամանակաշրջանի իւրայատուկ գիծերը, ազգային–ընկերային հանգամանքները։ Ան նաեւ տիպարներու աճի, նկարագիրի ու էութեան դրսեւորումի ընթացքն է։

Գրական գործ մը կրնայ ունենալ գլխաւոր ու երկրորդական սիւժէտային գիծեր, որոնք միահիւսուելով՝ կը ներկայացնեն ամբողջ բովանդակութիւնը։ Օրինակ՝ Դերենիկ Դէմիրճեանի «Վարդանանք» վէպի հիմնական սիւժէտային գիծը հայ ժողովուրդի մղած պայքարն է պարսիկներու դէմ, սակայն հոն առկայ են նաեւ այլ դէպքեր, ինչպէս՝ հերոսներու անձնական հարցեր, սիրոյ պատմութիւններ, գիւղացի-նախարար հակադրութիւններ, նախարարներու միջեւ հակադրութիւններ, հայոց այրուձիին ճակատագիրը օտարութեան մէջ եւ այլն, որոնք կը միահիւսուին սիւժէտային գլխաւոր գիծին։

Սիւժէի մասերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Նախադրութիւնը ստեղծագործութեան մուտքն է, ուր հիմնական դէպքերուն նախորդող միջավայրն ու հանգամանքները կը ներկայացուին։ Կանոնաւոր կառոյցի պարագային ան երկի սկզբնամաս է, բայց կրնայ հանդէս գալ նաեւ ընթացքին կամ վերջը։
  2. Հանգոյցը սիւժէի այն մասն է, ուր սկիզբ կ’առնէ հերոսներու միջեւ եղած հակադրութիւնը, բախումը, որմէ կը զարգանան հետագայ դէպքերը։ Օրինակ՝ Րաֆֆիի «Սամուէլ» վէպին հանգոյցը կը ստեղծուի առաջին իսկ գլուխին մէջ, ուր հայրենասէր երիտասարդը կը ստանայ իր հօր ուրացումի ու դաւաճանութեան լուրը։
  3. Դէպքերու զարգացումը հանգոյցին յաջորդող դէպքերն են, գործողութիւններու զարգացումը, որոնք փոքրածաւալ գործերու մէջ սակաւաթիւ են, իսկ մեծ գործերու, յատկապէս բազմասիւժէ գործերու մէջ՝ մեծաքանակ ու բազմազան։
  4. Գագաթնակէտը գործողութեան զարգացումի այն աստիճանն է, երբ բախումէն ծագած լարումը ամենաբարձր աստիճանի վրայ է եւ որեւէ ձեւով պէտք է լուծուի։ Որքան զօրաւոր են երկի մէջ բախումները, հանգոյցը՝ այդքան լարուած կ՛ըլլայ գագաթնակէտը։ «Սամուէլ»-ին մէջ այդ հայր-որդի հանդիպումին պահն է, երբ երկուքին ալ աշխարհայեացքի անզիջելիութիւնը գագաթնային է ու երկուքն ալ տեղի տալու նպատակ չունին։
  5. Հանգուցալուծումը սովորաբար արագ կը յաջորդէ գագաթնակէտին ու կը բացայայտուի հանգոյցին ելքը։ Գործողութիւնները, գաղափարական բովանդակութիւնը, հերոսներու զարգացումը կը հասնին աւարտին։ «Սամուէլ»-ին մէջ լուծումը որդւոյն կողմէ դաւաճան հօր սպանութիւնն է, ապա կռիւը պարսիկներու դէմ ու դաւաճան մօր սպանութիւնը։

Սիւժէի մասերէն որեւէ մէկը կրնայ բացակայիլ կամ անոնց կանոնաւոր ընթացքը խախտուիլ։ Երբեմն լուծումէն ետք կու գայ վերջաբան, ուր կը խօսուի հերոսներու ճակատագրի մասին կամ կ՛ընդհանրացուի երկի գաղափարական բովանդակութիւնը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատոր 10, էջ 471
  • Ա. Ջրբաշեան, Գրականութեան տեսութեան արդի խնդիրներ: Ուսումնական ձեռնարկ, ԵՊՀ հրատ., Երեւան։