Գրականութիւն եւ կեանք
Արտաքին տեսք
«Գրականութիւն եւ կեանք», շաբաթաթերթ; Լոյս տեսած է 1908-1909 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր-հրապաարակիչ՝ Գ․ Բալասանեան։ Լուսաբանելով հայ կեանքի իրադարձութիւնները՝ հանդէսը անդրադարձած է Հայաստանի ազատագրման տեսակէտներուն, հարցի լուծումը տեսած սեփական մշակոյթի եւ կրթութեան զարգացման մէջ։ Գրական բաժնին մէջ տպագրած է գեղարուեստական գործեր, գրախօսականներ, մատենագրական յօդուածներ, նմուշներ վրացական գրականութենէն, գրողներու յոբելեաններուն նուիրուած նիւթեր։ Հանդէս եկած է արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութիւններու միջեւ արհեստական անջրպետի ստեղծման դէմ։ Պարբերաբար հրատարակած է ժամանակի մամուլի տեսութիւն։ 1910 թուականին լոյս տեւսած է «Գրականութիւն եւ կեանք»-ի բացառիկ համար Ե․ Դաւթեանի խմբագրութեամբ՝ նուիրուած Գ․ Բալասանեանի յոբելեանին։