Գոյական անուն
Արտաքին տեսք
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գոյական, կը կոչուին այն բառերը, որոնք առարկայի իմաստ կ'արտայայտեն։ Առարկայ ըսելով կը հասկանանք իրեր (տուն, ծառ, ծաղիկ, փայտ, գրիչ), կենդանի արարածներ (մարդ, ուսուցիչ, աշակերտ, սոխակ, նապաստակ), երեւոյթներ (ամպրոպ, կայծակ, փոթորիկ, հողմ), գաղափարներ (բարեկամութիւն, ընկերութիւն, պատիւ, ուժ). մէկ խօսքով այն բոլոր բառերը, որոնց համար կրնայ ուղղուիլ գոյականներուն յատուկ ո՞վ կամ ի՞նչ հարցումը։
Տեսակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հասարակ անուն։ Այն անունը, որ կը տրուի նոյն տեսակի առարկաներէն իւրաքանչիւրին։ Հասարակ անուններ են՝ լեռ, ամպ, ջուր, հայր, որդի, ուսուցիչ եւ այլն։
- Յատուկ անուններ։ Այն անունը, որ կը տրուի նոյն տեսակի առարկաներէ միայն մէկուն, իր նման միւս առարկաներէն զատելու, զանազանելու համար։ Յատուկ անունները կը գրուին մեծատառով։ Յատուկ անուններ են՝ Սիփան, Արաքս, Թալին, Հայկ, Հայաստան եւ այլն։