Գէորգ Յաբէթեան
Գէորգ Յաբէթեան | |
---|---|
Ծնած է | 1916 |
Ծննդավայր | Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 2 Օգոստոս 1980 |
Մահուան վայր | Աթէնք, Յունաստան |
Մասնագիտութիւն | մարզիկ |
Գէորգ Յաբէթեան (1916, Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2 Օգոստոս 1980, Աթէնք, Յունաստան) մարմնամարզիկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Իզմիր, 1916-ին։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Գարաթաշի Վարդանեան վարժարանը։ 1904-ին կը յաճախէ Մեսրոպեան երկրորդական վարժարանը, ուր կը սկսի հետեւիլ մարմնամարզի։
1910-ին Իզմիրի յունական «Բելոբա» մարզական միութեան կողմէ կազմակերպուած ողիմպիականին, մէկ քայլ ոստումին կը հանդիսանայ երկրորդ։ Իսկ 1911-ին, հայկական Ա. ողիմպիականին, կը տիրանայ նոյն մրցումին առաջնութեան տիտղոսին։
1912-ին Պոլսոյ մէջ կը մասնակցի հայկական Բ. ողիմպիականին եւ կը շահի հարիւր մեթր վազքի եւ մէկ քայլ ոստումի առաջնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ երեք քայլ ոստումի երկրորդութիւնը, 1 սանթիմեթր տարբերութեամբ։
1913-ին մէկ եւ երեք քայլ ոստումի մէջ առաջնութիւն կը շահի, իսկ 100 մեթրի մէջ՝ երկրորդութիւն։
1912-1913 իր խմբապետութեամբ կը կազմուի Իզմիրի հայկական խումբերէ զտուած ֆութպոլի մայր խումբ մը եւ տեղւոյն միջազգային մրցումներուն մասնակցելով կը հանդիսանայ առաջին։
1915-ին հայկական խումբը կը լուծուի եւ ան կը մասնակցի «Ալթա» ֆութպոլի խումբին, ուր մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, ստանալով «Verdun» մակդիրը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանը զինք կը նշանակէ խմբապետ։ Աղէտէն քանի մը օր առաջ կ'ապաստանի Աթէնք։ 1924-ին, երբ Մկրտիչ Մալումեան Աթէնք կու գայ, Յաբէթեանի հետ խորհրդակցելով Յունաստանի մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին վարչութիւնը կը կազմեն եւ ան կը ստանձնէ ֆութպոլի եւ մարմնամարզի բաժիններու պատասխանատուութիւնը։
1937-ին կ'ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ. պաշտօն մը, զոր երկար տարիներ կը վարէ ձեռնհասօրէն։
1958-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ներկայացուցչական ժողովը զայն կ'ընտրէ շրջանի պատուակալ նախագահ։
1978-ին ան կ'արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին։
Կը մահանայ 2 Օգոստոս 1980-ին, Աթէնք։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մարզիկ ամսաթերթ