Jump to content

Գերերեւակայութիւն

Գերերեւակայութիւն (անգլերէն՝ Maladaptive daydreaming կամ excessive daydreaming)՝ հոգեբանական գաղափար՝ առաջին անգամ ներկայացուած Eli Somer֊ի կողմէ[1], որպէսզի նկարագիրի բազմակողմանի երեւակայութեան դրսեւորումը, որ տուեալ պահուն կը փոխարինէ մարդկային շփումը եւ/կամ կը խանգարէ կրթական, միջանձնային կամ մասնագիտական գործունէութիւնը: Այն կրնայ առնչութիւն ունենալ մանկութեան ժամանակ յուզական առհամարանքի կամ վիրաւորանքի հետ, որն ալ զոհերուն կը մղէ կտրուիլ սպառնալի աշխարհէն եւ իրենց նիւթական գոյութենէն[2]:

Յայտնի Գործառոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գերերեւակայութեան յայտնի գործառոյթները կը ներառեն ջղայնութենէ եւ ցաւէ ձերբազատումը՝ տրամադրութեան բարձրացման եւ երազանքներու իրականացման մտապատրանքներու միջոցով, ընկերակցութիւնը, մտերմութիւնը եւ հանգստութիւնը[1]:

«Բոլոր նիւթերը [անձինք] պնդած են, որ իրենց մտապատրանքներու կարեւոր գործառոյթը կրկնակի է․ [նախ] անջատումն ապրելու ցաւէն եւ [յետոյ] դժբախտութեան մոգական փախակերպումը ցանկալի իրադաձութիւններու»:

հակառակ անոր որ կան գերերեւակայութեան բազմաթիւ բնորոշ ախտանիշներ, այս խանգարումը տանողները պարտադիր չէ անխուսափելիօրէն ունին անոնք բոլորը:

Յաճախ գերերեւակայողներն կ'ունենան «դրդիչներ», որոնք սկիզբ կու տան իրենց մտապատրանքներուն: Յաճախ հանդիպող դրդիչներէն են գիրքերը, ֆիլմերը եւ երաժշտութիւնը: Գերերազողները հնարաւոր է, որ նաեւ ունենան դժուարութիւններ առթննալու կամ քնանալէ առաջ մտապատկերներ ունենալու պատճառով: Յաճախ, երբ գերերազողները կ'երազեն, անոնք կրնան շշնջալ, խօսիլ, դէմքի տարբեր արտայայտութիւններ ընդունիլ կամ կատարել ինչ-որ կրկնուող բնոյթի շարժումներ:

Գերերազողները կրնան ժամեր անցկացնել երազելով: Անոնք կրնան ունենալ մանրամասնօրէն մտածուած պատրանքներ իրենց մտքին մէջ, որոնք յաճախ համեմատելի կ'ըլլան ամբողջական վէպի կամ ֆիլմի հետ: Շատերը կ'ունենան աւելին քան մէկ մտապատրանք՝ իւրաքանչիւրն իր առանձին կերպարներով, շրջապատող միջավայրով, նիւթով եւ այլն: Գերերեւակայողները, հնարաւոր է, որ նաեւ յուզականօրէն կապուին իրենց մտացածին կերպարներուն հետ, չնայած այն հանգամանքին, որ անոնք գիտեն, որ կերպարները իրական չեն[3]:

Պարբերական Թեմաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1]

  • Իտէալականացուած եսը,
  • Բռնութիւնը,
  • Ուժը եւ իշխանութիւնը,
  • Գերութիւնը,
  • Փրկութիւնը եւ ազատումը,
  • Սեռական գրգռումը:

Լուսաբանումը Զլմ-ներում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չնայած այն պաշտօնապէս չէ ճանչցուած իբրեւ խանգարում կամ ախտավիճակ, գերերեւակայութիւնը արժանացած է որոշակի ուշադրութեան լրատուամիջոցներու կողմէ[4][5][6]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 Somer Eli։ «Maladaptive Daydreaming: A Qualitative Inquiry»։ Journal of Contemporary Psychotherapy։ Journal of Contemporary Psychotherapy։ արտագրուած է՝ մայիսի 18, 2014 
  2. Ardino, Vittoria (խմբգր․)։ Post-Traumatic Syndromes in Childhood and Adolescence։ Chichester, West Sussex, UK: Wiley-Blackwell։ էջ 162։ ISBN 978-0-470-66929-7 
  3. "Maladaptive Daydreaming- What Is It?" -Medical Daily
  4. The Atlantic featured an article on Maladaptive Daydreaming. "When Daydreaming Replaces Real Life Should elaborate fantasies be considered a psychiatric disorder?" (April 2015)
  5. CBC Radio's The Current featured an episode on the subject called "Maladaptive daydreaming, a debilitating condition with no escape" (June 2015)
  6. Living in an Imaginary World. Scientific American (January 2014)