Գարեգին Բրուտեան

Գարեգին Բրուտեան, (Դեկտեմբեր 1884), Օսմանեան հայկական ժողովրդական երգերու նշանաւոր մեկնաբան՝ 1910-1920-ական թուականներուն։

Ուտ նուագող ու երգիչ Գարեգին Բրուտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը հասնի տաս տարեկան հասակին՝ մօրը հետ, միանալու համար իր հօր, որ կ'ապրէր Ուըրսթըրի (Մասսաչուսէց) մէջ։ Ընտանիքը Սամսոնէն էր։

1916-ին կ'արձանագրէ 20 թրքերէն երգ, որոնցմէ ոմանց կ'ընկերակցի նաեւ Քեմանի Մինասը։ Երբ Նիւ Եորքի մէջ մօտաւորապէս 1920-ին կը հիմնուի «Մ. Կ. Բարսեղեան» ձայնագրութիւններու տունը, Բրուտեան կ'ըլլայ հոն արձանագրուող առաջին երգիչը։ Ան հանդէս կու գայ 20 երգերով, բոլորն ալ հայերէն եւ անոնցմէ ոմանք յօրինուած Յովսէփ Շամլեանի կողմէ։

Անոր երգած է «Չինարի եարս աղջիկ»։

Գարեգին Բրուտեանի յաջորդ երգածը Քեռիին նուիրուած յեղափոխական ծանօթ երգն է։ Քեռի, կամ Քաւթառ Արշակ Գալֆայեան, դաշնակցական ֆետայի, որ Ապտուլհամիտ Բ.ի գահակալութեան տարիներուն, 1903-էն 1905 գործած է Սասնոյ եւ Վասպուրականի մէջ։ 1908-1912 դաշնակցական ականաւոր դէմքերէն Եփրեմ Խանի կողքին մասնակցած է Պարսկաստանի ազատագրական շարժումին։ Ա. Համաշխարհային պատերազմին բռնկումէն ետք, Քեռի ստանձնած է հայկական կամաւորական 4-րդ գունդին հրամանատարութիւնը։ Մարտական այս միաւորը կցուած էր ռուսական բանակին եւ կը գործէր ռուս-օսմանեան ճակատին վրայ։ 1915-ին, Ռեւանտուզի (ներկայիս Իրաքի մէջ) մէջ մղուող մարտերուն ընթացքին Քեռին զոհուած է[1]։ Բրուտեանի երգերը Ի. դարու սկիզբին եղած են ներգաղթած ամերիկահայերու կեանքին անբաժան մասը[2]: Երգը սփոփանք եղած է հայրենիքէն տեղահանուած հայերուն համար, անոնք հայրենակցական միութիւններ ստեղծած են ԱՄՆ-ի մէջ, հաւաքներուն երգած են իրենց բնակավայրերուն բնորոշ երգերը: Խնճոյքներուն, սկզբնական շրջանին, արեւելեան ոճով կը մասնակցէին միայն տղամարդիկ, որոնք կ'ուտէին, կը խմէին եւ կ'երգէին:


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]