Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան
Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափարեան, աւազանի անունով Ներսէս, որդի բժշ. Տիգրանի եւ Տալիթայի, ծնած է ուրֆացի ծնողքէ, Հալէպ, 1969-ին։
Նախնական կրթութիւնր ստացած է Հալէպի Ազգ. Սահակեան վարժարանէն, զոր աւարտելէ ետք միջնակարգը ու երկրորդական ուսումը շարունակած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1988-ին։ Ապա, ուսումը շարունակելու համար յաճախած է Հալէպի ճարտարագիտական ուսումնարանը, ուր աւարտած է բարձրագոյն նիշերով։
Այնուհետեւ ծառայած է սուրիական բանակին տասնապետի աստիճանով։
Ազգասէր, եկեղեցասէր եւ ուսումնասէր ընտանիքի մէջ ծնունդ առնող այս զաւակը կ՛աճի, կը մեծնայ ու նկարագիրը կր կազմաւորուի հոգեւոր ու ազգային արժէքներով։ Այդ իսկ պատճառով, ուսումնառութեան զուգահեռ, մանկութեան յաճախած է եկեղեցի, կիրակնօրեայ դպրոց եւ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ։
Ան կ՛ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ օրդ. Քարէն Չիլինկիրեանը, որուն հետ կը պսակուի 2000-ին՝ Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ կը բախտաւորուի աղջիկ զաւակով մը։
Քահանայական իր ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ՚ունենան պատմական թուականին, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակման 1700-ամեակին, Մայիս 2001-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ՝ Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանին, վերակոչելով Տէր Գառնիկ եւ օծակից ունենալով Տ. Մակար Արք. Աշգարեանը, Տ. Գեղարդ Արք. Քիւսպէկեանը, Տէր Տրդատ քհնյ. Թաշճեանն ու քեսապցի Տէր Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանը։
20 Դեկտեմրեր 2000-ին, Տէր Գառնիկ ընտանեօք կը փոխադրուի Լաթաքիա, որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին հնադարեան եկեղեցւոյ եւ ուսուցիչ՝ տեղւոյն Ազգ. Նահատակաց վարժարանի։
Փափաքելի է, որ Տէր հօր գլխաւորութեամբ, բոլորը՝ մեր ժողովուրդին զաւակները միասիրտ, միահոգի եւ միակամ առաջնորդեն նորանոր նուաճումներու, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութեամբ եկեղեցին ու դպրոցը յորդին հայախօս հաւատացեալներով ու հայախօս, ազգասէր ու եկեղեցասէր աշակերտներով։
Տէր հօր կը մաղթենք յաջողութիւն իր հովուական առաքելութեան, աննկուն կամք՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու բոլոր բնագաւառներուն մէջ, նաեւ աշխատանքի յարատեւութիւն առանց յուսահատելու[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ էջ 376։