Գառնիի ճակատամարտ, ճակատամարտ մէկ կողմէն Զաքարեան Հայաստանի եւ Վրաց թագաւորութեան զօրքերու ու միւս կողմէն Խորեզմշահերու պետութեան վերջին տիրակալ Ջալալադնի միջեւ 1225 թ-ին։
Խորեզմի վերջին շահին մոնկոլները ջախջախած եւ վտարած էին անոր տիրոյթներէն։ Շահը իր պետութիւնը ազատագրելու համար կը դիմէ Զաքարեաններուն եւ վրացիներուն, որոնք սակայն կը մերժեն օգնութիւն տրամադրել։ Լսելով պատասխանը շահը մեծ զօրքով կը յարձակի եւ կը հասնի մինչեւ Զաքարեան Հայաստանի Գառնի բերդը։ Հոս անոնց կը դիմաւորեն հայ-վրացական միացեալ ուժերը եւ ղփչաղները Իվանէ Զաքարեանի գլխաւորութեամբ։ Ըստ Կիրակոս Գանձակեցիի հաղորդման, Իվանէ Զաքարեանը եւ վրաց «մեծամեծները» նախքան ճակատամարտ ուխտ ըրած էին, որ եթէ յաղթեն Ջալալադնին, ապա «իրենց իշխանութեան ներեւ գտնուող իւրաքանչիւր հայու կը դարձնեն վրաց դաւանանքին, իսկ դիմադրողներուն սուրի ուժով կը վերցնեն»[1]։ Սակայն ճակատամարտի ընթացքին դաշնակիցները կը պարտուին կը կը կորսնցնեն 20,000 զինուոր։ Յաղթանակէն ետք շահը կը գրաւէ Դուինը եւ Թիֆլիսը ու կը կազմակերպէ խաղաղ բնակչութեան ջարդ։