Jump to content

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան
Ծնած է 1930
Ծննդավայր Քեսապ
Մահացած է 14 Ապրիլ, 2019
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Գաղափարական գործի, հրապարակախօս
Մասնագիտութիւն ընկերաբանութեան, մանկավարժութեան եւ դպրոցական տնօրէնութեան ճիւղերուն պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի տիտղոսներ
Աշխատավայր Ուսուցիչ թէ տեղական վարժարանի մը մէջ, թէ՛ ալ Հ․Օ․Մ․-ի գիշերային վարժարան: Ֆերահեան ազգային վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան (ծնած՝ 1930-ին Քեսապ - մահացած 14 Ապրիլ, 2019 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) դաշնակցական հաւատաւոր ընկեր, մտաւորական, հասարակական ու ազգային գործիչ: Ուսուցիչ թէ տեղական վարժարանի մը մէջ, թէ՛ ալ Հ․Օ․Մ․-ի գիշերային վարժարան: Ֆերահեան ազգային վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն:[1][2]

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան Քեսապէն դուրս գալով, իր ուսումը շարունակած էր Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին։ Այդ օրերուն, ի զարմանս բոլորին, ան հաստատած էր չափահասներու համար գիշերային դասընթացքներ, որպէսզի ուսանելու առիթէն զրկուած երիտասարդներ կարենան զարգանալ։

1953-ին բարձրագոյն ուսումը շարունակելու միտումով կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ կը յաճախէ Տիթրոյիթի «Ուէյն» համալսարանը, ուր կը հետեւի ընկերաբանութեան, մանկավարժութեան եւ դպրոցական տնօրէնութեան ճիւղերուն եւ կը ստանայ պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի տիտղոսները»: Այդ շրջանին ալ կը դասաւանդէ թէ տեղական վարժարանի մը մէջ, թէ՛ ալ Հ․Օ․Մ․-ի գիշերային վարժարանին։

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան նաեւ ձեռք կը ձգէ ուսուցչական ու տնօրէնութեան մագիստրոսի յաւելեալ վկայական՝ Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանէն։ 1957-ին, կը փոխադրուի Լոս Անճելըս: Երեք տարի կը դասաւանդէ Ուիթիէրի պետական երկրորդական վարժարանի մը մէջ։ Միեւնոյն դպրոցին մէջ կ’ուսանէր իր ապագայ կողակիցը Ռոզ Դաւիթեան:Միեւնոյն ժամանակ կը յաճախէ California State University եւ կը վկայուի ուսուցչական եւ տնօրէնութեան վկայականներով:

1961-ին, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան կ’ամուսնանայ օր. Ռոզ Դաւիթեանի հետ: Նախընտրելով դասաւանդել հա՛յ ուսանողներու, կը դիմէ Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճի տնօրէնութեան (ներկայիս Հայկազեան Համալսարան): Կ’ընդունուի եւ 1961-ի ամրան կը մեկնին Պէյրութ, ուր ոտք դրած օրէն, Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան բանալու ծրագիրներ կը մշակէ:

Երեք տարի Հայկազեան Գոլէճի մէջ մանկավարժութիւն դասաւանդելէ, նաեւ որպէս այցելու դասախօս, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին եւ Պէյրութի Կանանց Գոլէճի մէջ դասաւանդելէ ետք, 1964-ին, երեք զաւակներով բախտաւորուած, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան ընտանիքը կը վերադառնայ Լոս Անճելըս, իր հետ տանելով 3000 խոստումնաքարտեր:

Ամերիկա ոտք կոխելուն, կ’ուղղուի Քալիֆորնիա նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթօ, տեղեկանալու դպրոց բանալու պայմաններուն:

Ո՛չ մէկ արգելք ծխական դպրոց մը բանալու, այնքան ատեն, որ ունի 6 աշակերտ եւ շէնքը կը լրացնէ ապահովութեան օրէնքները:

Լոս Անճելըս հասնելով, Ինճէճիկեանի առաջին գործը կ’ըլլայ տեսնուիլ Ֆերահեանի կտակի գործակատար Արշակ Տիգրանեանի, «Մեսրոպեան» Շաբաթօրեայ Վարժարանի Խնամակալ Մարմնի եւ կուսակցական ղեկավարներու հետ:

Լոս Անճելըսի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ֆերահեան Ազգային վարժարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան 1955-ին Ուաշինկթընի մէջ Հ.Յ.Դ .Շրջանային ժողովին ամէնօրեայ վարժարանի հարցը օրակարգի վրայ դնելէն մինչեւ 1964-ի Սեպտեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի բացումը։

1990-ին, Ֆերահեան վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, 26 տարիներու դժուար պայմաններու մէջ դպրոցը կայուն վիճակի հասցընելէ ետք, կը հրաժարի դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնէն, սակայն ներկայ կը գտնուի ամավերջի հանդէսներու, եւ մեծ կամ փոքր դպրոցական ձեռնարկներու:

Լեւոն Շանթ եւ Սիմոն Վրացեան, հանգանակութեան համար երբ կ’այցելեն Ամերիկա, տեսնելով ամերիկահայերու կտրտուած հայերէնը, Լեւոն Շանթ կ’ըսէ:

-«Մենք Ամերիկայէն օգնութիւն խնդրելու եկած ենք, մինչդեռ Ամերիկա՛ն մեր օգնութեան կարիքը ունի: Յաջորդող սերունդները պիտի կորսուին: Ամերիկայի մէջ եւս Ճեմարաններ պէտք է բանանք»:

Միացեալ Նահանգներ իրենց հանգանակած գումարներով է, որ կերտեցին Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, սակայն Լեւոն Շանթ չկրցաւ իրականացնել Ամերիկայի մէջ Ճեմարաններ բանալու իր երազը: Տարիներ ետք, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, որ շատ հաւանաբար տեղեակ իսկ չէր Ամերիկայի մէջ հայկական դպրոց հիմներու Շանթի գաղափարէն, իրականացուց մեծ նուիրեալ, Լեւոն Շանթի երազը: Ճեմարանի փոխարէն հիմնեց «Ֆերահեան» ամէնօրեայ վարժարանը:

Ի՞նչ տարբերութիւն, դպրոցը Ճեմարա՞ն կը կոչուի թէ «Ֆերահեան»: Կարեւորը, Շանթի երազը իրականացած է:[3]
- ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ


Շէնքը պատրաստ էր։ Կը մնար ուսուցիչ եւ աշակերտ հայթայթել: Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, տունէ տուն պտըտելով հայ աշակերտներ կը «մուրար»: Կը համոզէր, որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան յաճախեն: Մեծամասնութիւնը դէմ էին: Հանրային վարժարանները անվճար էին (ինչպէս ներկայիս), սակայն այդ տարիներուն ուսումնական մակարդակը շատ աւելի բարձր էր եւ միջավայրը՝ ապահով:[4]
- ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ


13 Սեպտեմբեր 1964: Անդաստանով մը կ’օրհնուի դպրոցի շէնքը եւ 14 Սեպտեմբեր 1964-ին, 50 տարիներու սպասուած հայկական ամէնօրեայ վարժարանը կը բանայ իր դռները:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]