Jump to content

Բրածոյ ուժանիւթեր

Բրածոյ ուժանիւթեր, Ածուխը, քարիւղը կամ բնական կազը բրածոյ ուժանիւթեր են[1]: Անոնք կը ներկայացնեն աշխարհին մէջ գործածուած ուժանիւթին 80 առ հարիւրը: Անոնք կը ծառայեն աշխատցնելու ինքնաշարժները, տուները տաքցնելու միջոցները, ելեկտրականութիւն արտադրելու:

Անոնք բրածոյ կը կոչուին, որովհետեւ անոնք շատ «հին» նիւթեր են: Անոնք կը յառաջանան կենդանի մասնիկներու, յատկապէս բոյսերու, շատ դանդաղ  տարրաբաղադրումէն, որ կը տեւէ միլիոնաւոր տարիներ: Անոնք ընդերքէն կ'արտահանուին, ապա կ'այրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք գործածել: Սակայն անոնց այս այրումը մեծ քանակով բնածխական կազ կ'արտադրէ: Ասիկա մեծ հարց կը յառաջացնէ: Ջերմանոցի ազդեցութիւն ունեցող այս կազը մեր ընդհանուր կլիմային տաքնալուն գլխաւոր պատճառն է: Հետեւաբար կարգ մը երկիրներ իրարու հետ կը գործակցին այս ապականող ուժանիւթերէն ձերբազատուելու համար:

Վերանորոգուող ուժանիւթերը, որոնք արեւէն կամ հովէն կ'օգտուին ելեկտրականութիւն արտադրելու համար, մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրած են եւ կրնան մասամբ փոխարինել բրածոյ ուժանիւթերը:

Ձերբազատելու միջոցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս ապականող այս ուժանիւթերէն ձերբազատելու համար հարկ է, որ ճարտարարուեստականացած երկիրները աւելի նուազեցնեն իրենց ուժանիւթի սպառումը: Իւրաքանչիւր քաղաքացի նոյնիսկ կրնայ մասնակցիլ այս բարելաւումի ճիգերուն, օրինակի համար, տան մէջ նուազ ջեռուցիչ վառելով, կամ հեծիկ գործածելով` ինքնաշարժի փոխարէն[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]