Jump to content

Բմբրնիքել

Բմբրնիքել

Բմբրնիքել գերմաներէն՝ Pumpernickel՝ հացի տեսակ մըն է որ ծագած է Գերմանիոյ մէջ: Ան պատրաստուած է հաճարի ալիւրով կամ հատիկով բայց նաեւ կարելի է գտնել շինուած երկուքին խառնուրդով: Շատ խիտ հաց մըն է որուն գոյնը թուխ է: Բմբրնիքէլին մասին լսուած է առաջին անգամ 1450-ին՝ այդ թուականներուն, սով մը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Օսնապրիւք գերմաներէն՝ Osnabrück քաղաքին մէջ եւ այս հացը ծառայեց պայքարելու սովին դէմ: Նախ օգտագործուած անհրաժեշտութեան տակ եւ ստիպողութեամբ վերապրելու համար, ան քիչ քիչ դարձաւ հաճոյք մը քաղաքացիներուն համար[1]: Ֆրանսական ժողովրդական ստուգաբանութիւն մը կը գերմանացնէ այս բառը հետեւեալ ձեւով՝ « bon pour Nickel» (լաւ Նիքելին համար) Նաբոլիոն առաջինի ձիերուն անունով, սակայն այս մտածումը միայն առասպել մըն է քանի Դենի Դիդրո-ին համայնագիտարանին մէջ կը գտնուի բմբրնիքելին մասին:

Գերմանական Բաղադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Զոյգ թեւերուն տակ բմբրնիքել բռնած․ նկար՝ 1919

Սկիզբը բաղադրութիւնը բաղկացած է միայն ջուրէ եւ հաճարէ, ըլլայ ալիւրով կամ հատիկով: Այս հացին գոյնը որ կ'ըլլայ սեւ կամ գոց սրճագոյն կու գայ Մայար հակազդեցութեան տակ 16-էն 24 ժամ եփելէ ետք 120 °C աստիճանով: Այս քիմիագիտական հակազդեցութիւնը նաեւ կու տայ այս հացին սեւ տուրմի եւ սուրճի հոտ մը, որ դարձած է յատկանիշ մը բմբրնիքել գնողներուն համար[2]:

Ամերիկեան Բաղադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյութիւն ունի նաեւ ամերիկեան ձեւի պատրաստուած բմբրնիքելը որ, տարբեր բաղադրութեամբ կը փորձէ նմանիլ բուն հացին, գոյնով, համով եւ հոտով: Նպատակն է կարենալ նոյն հացը ունենալ աւելի արագ ձեւով, աւելցնելով նաեւ բուն բաղադրութեան վրայ ջուր եւ ալիւր: Նոյն հոտը եւ գոյնը ունենալու համար կը գործածուին տարբեր տեսակի նիւթեր ինչպէս սուրճը բայց նաեւ քաքաոյի փոշին եւ շաքարէ շինուած հիւթ մը: Նոյնպէս, քարամելը եւ չամանը կը գործածուին համի մօտեցման համար: Պատահական է որ այս ամերիկեան բմբրնիքելին անունը ստիպուած փոխուի բուն գերմանական հացին հետ մեծ տարբերութեան պաճառով եւ կը կոչուի « սեւ հաց»:

Սննդարար Նիւթեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբեր ուսումնասիրութիւններ հացերուն մասին կատարուծ են որոնց արդիւնքները ցոյց տուած են թէ այն հացերը որ ցորենի հատիկով եւ կեղեւով աղած ալիւրէ պատրաստուած են աւելի սննդարար են: Այն հացերը որ բաղկացած են հաճարի ալիւրով ինչպէս բնմբրնիքելը շատ օգտակար են սրտաշրջանառային արկածներուն դէմ: Հաճարի հացը ունի նաեւ մարսողական առաւելութիւններ շնորհիւ նեարդներուն որ կը գտնուին անոր մէջ[3]: Բմբրնիքելը ունի բաւական լաւ կէտեր եւ իր կազմութիւնը ունի շատ մը առաւելութիւններ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Lien web|url=http://www.angelfire.com/journal/pondlilymill/pumpernickel.html%7Ctitre=Origin of Pumpernickel|auteur=T. R. Hazen|consulté le=23 décembre 2009
  2. Lien web|url=http://www.eddybles.com/hazelnut-fig-pumpernickel%7Ctitre=Hazelnut[permanent dead link] Fig Spread On Pumpernickel Rounds|année=2008|auteur=Eddybles|consulté le=23 décembre 2009
  3. Lien web|url=http://www.passeportsante.net/fr/Nutrition/EncyclopedieAliments/Fiche.aspx?doc=seigle_nu%7Cauteur=Paulette Vanier|titre=Seigle|année=2006|éditeur=PasseportSanté.com|consulté le=23 décembre 2009