Jump to content

Բերկրուհի Շահրիկեան

Բերկրուհի Շիրակեան
Ծնած է 1902
Ծննդավայր Շապին Գարահիսար
Քաղաքացիութիւն Շապին Գարահիսարցի- Թուրքիա
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն ուսուցչուհի
Ամուսին Սարգիս Մօրուքեան
Երեխաներ երկու դուստր

Բերկրուհի Շահրիկեան, ծնած է (1902)-ին Շապին Գարահիսարի Թամզարա գիւղաքաղաքը։ Ընտանեօք Պոլիս գաղթած են 1910-ին։ Աշակերտած է Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին Նունեան-Վարդուհեան վարժարանին:

1912-ին որդեգրուած է տեղւոյն Ազգանուէր Հայուհեաց Միութիւն ծրագիրն էր բարձագոյն ուսումով օժտել զանոնք որպէսզի հետագային ծառայէին որպէս ուսուցչուհի։ Սակայն պատերազմի ահաւոր օրերուն լուծարքի կ՛ենթարկուի կազմակերպութիւնը, այսուհանդերձ կը շարունակեն դպրոցը մինչեւ աւարտ։

Բերկրուհի կ՛ամուսնանայ Սեբաստացի Սարգիս Մօրուքեանի հետ. կը բախտաւորուին երկու դուստրերով։ Նախքան իրենց ԱՄՆ հաստատուիլը, քանի մը տարի կ՛ապրին Գուպա, ուր կը ծնի իրենց որդին։ 1944-ին վերջնականապէս կը հաստատուին Տիթրոյթ:

Բերկրուհի Մօրուքեանը հրատարակած է ՀԻՆ ՕՐԵՐ ՆՈՐ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ հատորը (ՏԻԹՐՈՅԹ, 1979), ուր կը պատմէ իր յուշերը գաւառի կեանքէն։ Գրած է նաեւ Եղեռնապատում գրքոյկը, հայկական ջարդի մասին (ՏԻԹՐՈՅԹ, 1980):

Բերկրուհի Մօրուքեանը սրտաբուխ տողերով կը նկարագրէ երբեմնի գաւառը, օժտուած իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, ուխտատեղիներով, սովորութուններով, կանանց տարազներու ճոխութեամբ, հայահոծ բնակչութեամբ, բնութեան գեղեցկութեամբ եւ առատ բերքերով։

«Հին Օրեր Նոր Ապրումներ» հատորը կը պարունակէ նաեւ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ, ինչպէս նաեւ Առաջին Աշխարհամարտի շրջանի Պոլսահայ կեանքը պատկերացնող դէպքը։ Գիրքին վերջին մասը յատկացուած է «սփիւռքահայ ցաւեր»ը շօշափող հարցերու։

Իր ոճը հաճելի է ու պատկերալից[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։