Բերդախաղ
Արտաքին տեսք
Բերդախաղը կը խաղան Եոզղատի մէջ, 6-7 հոգիով։ Ընդարձակ տարածքի մը վրայ խաղին մասնակիցները շրջանակաձեւ կը կանգնին իրարմէ մօտ 5 մեթր հեռաւորութեամբ։ Վիճակ կը քաշուի եւ անոնցմէ մէկը շրջանակին կեդրոնը կը կանգնի։ Մնացեալները մնայուն կերպով իրենց տեղերը պիտի փոխեն, այսինքն շրջանակին վրայ կանգնածները մէկը միւսին տեղը պիտի առնէ։ Այս գործողութիւնը շատ արագ պէտք է ըլլայ։ Կեդրոնը կեցողը ուշադիր պէտք է հետեւի այս փոփոխութիւններուն։ Նպատակն է բաց մնացած տեղերէն մէկն ու մէկը ինք առնէ կամ գրաւէ։ Եթէ յաջողի, իր տեղը կորսնցնողը ինք շրջանակին կեդրոնը կ՚անցնի եւ խաղը կը շարունակուի[1]։