Jump to content

Բարձի Կռիւի Ախոյեանութիւն

Բարձի Կռիւի Ախոյեանութիւն, լուրջ մարզաձեւ մը` իրեն յատուկ օրէնքներով[1]:

Խաղին օրէնքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաղին օրէնքները կը նմանին բռնցքամարտի օրէնքներուն: Մարզիկները իրարու դէմ կը կռուին ռինկին մէջ, 90 երկվայրկեան տեւող երկու մաչերու ընթացքին, իրաւարարի մը եւ երեք դատաւորներու հսկողութեան տակ: Յաղթողը կը նշուի խաղին վերջաւորութեան, երբ կէտերը կը հաշուըւին: Աւարտականը կը խաղցուի երեք մաչով:

Ինչ կը վերաբերի բարձին, բարձերեսը պէտք է պատրաստուած ըլլայ յատուկ նիւթով մը, որ չպատռուի: Բարձը կը կշռէ մէկ քիլոյէն քիչ մը աւելի եւ ունի երեք երիզ` աւելի լաւ բռնուելու համար:

Մարզահագուստի մասին. մարզիկները կրնան նոյնիսկ մասնակցիլ իրենց գիշերազգեստը հագուած[2]:

Այս մարզաձեւը ֆիզիքական ուժի կը կարօտի: Պէտք է ճիշդ անդրադարձ շարժումները ունենալ եւ լաւ ղեկավարել ճիգերը: Մարզիկը որքան զօրաւոր եւ արագ զարնէ, այնքան յաղթելու առիթը ունի: Սակայն հանդիսատեսները չեն սիրեր բռնութիւնը, եւ մարզիկները չեն սիրեր վիրաւորուիլ: Բարձերու կռիւը բռնցքամարտի նման բուռն չէ:

Առաջին ախոյեանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունուար 2022-ի վերջաւորութեան Ֆլորիտայի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի կ'ունենայ բարձի կռիւի առաջին ախոյեանութիւնը: Անոր կը մասնակցին 16 այր մարդիկ եւ 8 կիներ: Այս մարզաձեւին առաջին ախոյեանները կը դառնան պրազիլցի Իսթելա Նունիեզ եւ ամերիկացի Հոլէյ Թիլման:

Բարձի կռիւի միջազգային օր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապրիլ ամսու առաջին շաբաթ օրը հռչակուած է Բարձի կռիւի միջազգային օր: Անիկա տեղի կ'ունենայ 2009-էն ի վեր: Այս առիթով աշխարհի տարբեր քաղաքներ կը մասնակցին «տօնակատարութեան»` փորձելով նոր մրցանիշ մը արձանագրել:

Այժմ այս տիտղոսը կը պահէ Միացեալ Նահանգներու հարաւը գտնուող Պրուքինկզ քաղաքը` իր 4200 մասնակիցներով, 2015-ի Բարձի կռիւի միջազգային օրուան ընթացքին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]