Jump to content

Բարդ բառեր

Բարդ բառեր, բարդ բառերու կազմութիւնը լեզուի մը բառապաշարին հարստացման միջոցներէն մէկն է։ Բարդման միջոցին երկու կամ աւելի արմատներէ կամ բառերէ կը կազմենք նոր իմաստ արտայայտող բառ, որ կը կոչուի՝ բարդ բառ։

Գիրք եւ տուն բառերէն կազմուած է գրատուն բառը, որ կը նշանակէ գիրքեր վաճառելու շէնք։ Ջուր եւ հոր բառերէ կազմուած ջրհոր բառը կը նշանակէ ջուր պարունակող հոր։

Բարդութեան շնորհիւ կրնանք արտայայտել նոր հասկացութիւններ, իմաստներ։

Հայերէնի բարդ բառերը կ'ըլլան իսկական եւ անիսկական։

  • Հայերէն լեզուի դասագիրք, Աբրահամեան, Վերդեան, Քոսեան