Jump to content

Աւստրիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութիւն

Աւստրիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական կուսակցութեան նշանը

Աւստրիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը (Sozialdemokratische Partei Österreichs, SPÖ; Հնչում՝ Սոցիալտեմոգրադիշէ Բարդայ Օէսդըռայշս, Էս-Բէ-Օէ) հիմնուած է 30 Դեկտեմբեր 1888-ի 1 Յունուար եւ 1889-ի միջեւ Հայնֆէլտ, Ստորին Աւստրիոյ մէջ: Ան Աւստրիոյ ամէնէն հին եւ գործօն կուսակցութիւնն է եւ մեծ դեր խաղացած է երկիրի քաղաքականութեան մէջ:

Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1883-1934՝ Սոցիալ-Դեմոկրատական Աշխատողներու Կուսակցութիւն (Sozialdemokratische Arbeiterpartei, SDAP),
  • 1934-1945՝ կուսակցութիւնը արգիլուած էր
  • 1945-1991՝ Ընկերվարական Կուսակցութիւն Աւստրիա (Sozialistische Partei Österreichs, SPÖ)
  • 1991-ներկայ՝ Աւստրիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութիւն[1]
Վիքթոր Ատլըր, կուսակցութեան հիմնդիրը եւ անոր առաջին ատենապետը

Գերմանիոյ 1867-ին հիմնուած ընկերային-ռամկավարական (սոցիալ-դեմոկրատական) կուսակցութենէն ոգեշնչուած, Աւստրիոյ մէջ արդէն մեծ թիւով աշխատաւորներու միութիւններ կային, օրինակ՝ Աշխատաւորներու եւ գործակցականներու միութիւններ, իբրեւ «ծայրայեղ» կամ «չափաւոր» կոչուած գաղափարագէտներու խումբեր:

Վիքթոր Ատլըր, չքաւորներու բժիշկ մը, այս բոլոր միութիւնները կը միացնէ եւ 30 Դեկտեմբեր 1888-էն -1 Յունուար 1889, Հայնֆելտի մէջ կը հիմնէ «Սոցիալ-Դեմոկրատական Աշխատաւորներու Կուսակցութիւն»-ը: Ատլըր կուսակցութեան առաջին ատենապետը կ'ընտրուի եւ անոր գաղափարը բոլորովին Քարլ Մարքսի «Համայնավար Օրակարգ»-ին վրայ չի հիմնուիր, այլ անիկա ապագայի տարբեր նպատակ մը կը հետապնդէ: Կուսակցութեան բուն նպատակները եւ գաղափարները կ'ընդգրկէին՝ հանրութեան քուէի իրաւունք տալ, ուսանողական հաստատութիւններու հիմնում ու յառաջացում եւ աշխատաւոր դասակարգի բարելաւում: Կուսակցութիւնը հետզհետէ ժողովրդականութիւն կը շահի եւ անդամներուն թիւը կը բազմանայ:

1889-1918՝ Աւստրիոյ Կայսրութեան տակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիքթոր Ատլըր 1 Մայիս 1890-ին կը հռչակէ աշխատաւորներու օր եւ նոյն տարուան 1 Մայիսին կուսակցութիւնը Վիեննայի Փրաթըր պարտէզին մէջ ցոյց մը կը կազմակերպէ, որուն կը մասնակցի 100,000 հոգի, որ օրին Աւստրիոյ մէջ կատարուած ամէնէն մեծ ցոյցը կը համարուի[2]: Նոյնիսկ Աւստրիոյ կայսրը՝ Ֆրանց Ժոզէֆ Ա. կը մասնակցի այս ցոյցին եւ այլ ցուցարարներու հետ կը քալէ պարտէզին մէջ:

1897-ին Վիմպէրկի մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան համաժողովին բուն կէտերը «հին Աւստրիոյ» մէջ ազգային վէճերու մասին էին: Այդ պատճառով կուսակցութիւնը որոշեց ունենալ բաժանումներ իւրաքանչիւր ազգի համար՝ Գերմանացի, Չեխ, Լեհ, Իտալացի եւայլն:

1907-ին Վիքթոր Ատլըրի միջոցաւ տղամարդիկ կը ստանան քուէարկելու իրաւունքներ եւ նոյն տարին արդէն կայսրութեան խորհրդարանի առաջին ընտրութիւնները տեղի կ'ունենան:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Sozialdemokratische Partei Österreichs, SPÖ»։ www.aeiou.at։ արտագրուած է՝ 2021-05-25 
  2. «Von Adler bis Rendi-Wagner: Die Geschichte der SPÖ»։ profil.at (գերմաներեն)։ 2018-11-14։ արտագրուած է՝ 2021-06-04