Աւետիս Ամատունեան

Աւետիս Ամատունեան
Ծնած է 1886
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն ատամնաբոյժ

Աւետիս Ամատունեան, ատամնաբոյժ, ծնած Վան 1886-ին:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ս. Աստուածածնայ դպրոցին մէջ։

Հայկական ջարդերուն երբ իր Գասպար եղբայրը կը նահատակուի՝ նիւթականի պատճառով դպրոցէն կը հեռանայ եւ կօշկակարի աշկերտ կ’ըլլայ: Դժգոհ մնալով այդ արհեստէն՝ կը հեռանայ Վանէն իր մօրեղբօր Տքթ. Գ. Ասլեանեանի նիւթական օժանդակութեամբ եւ 1899-ին Սելանիկ կը հասնի եւ 8 տարի իր մօրեղբօր Տքթ. Գալուստ Ասլանեանի քով իբր վիրաբոյժ կը ծառայէ:

1909-ին Փարիզ մեկնելով ատամնաբուժութիւն կ’ուսանի եւ 1912-ին փայլուն կերպով շրջանը կ’աւարտէ, հոն միջոց մը մնալէ ետք 1914-ին չկարենալով ծննդավայրը վերադառնալ՝ Սելանիկ կ’երթայ եւ հոն կը կիրարկէ ատամնաբուժութեան արուեստը:

Տքթ. Ամատունեան Սելանիկի մէջ վարած է ազգային զանազան պաշտօններ, իբր թաղական խորհրդոյ եւ հոգաբարձութեան անդամ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա., էջ 124: