Jump to content

Արսէն Ա. Քհնյ. Սարգիսեան

Տ.Արսէն Ա.Քհնյ. Սարգիսեան
Ծնած է 1943 թուականին
Ծննդավայր Հալէպ

Տ. Արսէն Ա. Քհնյ. Սարգիսեան, աւազանի անունով Խաչիկ, որդի Կարապետի եւ Մարիի, ծնած է Տիգրանակերտցի ծնողքէ, Հալէպ, 1943 թուականին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Հայկազեան Վարժարանէն, զոր աւարտած է 1958 թուականին։ Ապա, եկեղեցական պատրաստութեան համար մեկնած է Անթիլիասի Դպրեվանքը 1958 թուականին ու տարիներ ժառանգաւորաց ուսանելէ ետք, 1961 թուականին, ան վերադարձած է ծննդավայր։

1961 թուականին կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ եւ չորս տարի կը պաշտօնավարէ Ռազգայի Ազգային Նուպարեան վարժարանին, 1964-1970՝ Հալէպի Ազգային Զաւարեան վարժարանին, 1970-1977՝ Ազգային Հայկազեան վարժարանին եւ ապա՝ 25 տարի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։

Ան իր կեանքի ընկերը կ'ընտրէ օրդ․ Զուարթ Տէյիրմէնճեանը, որուն հետ կը պսակուի 25 Յունուար 1976-ին, ձեռամբ՝ Տ․ Գարեգին Ա․ քհնյ․ Քիրազեանի, Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եւ կ'ունենայ երեք զաւակներ՝ Կորիւն, Ռազմիկ եւ Մեղրիկ։

Ժամանակ մը ետք, իր մէջ կրկին կ'արթննայ եկեղեցական դառնալու փափաքը։ Ան համոզուելէ ետք, կ'որոշէ Անթիլիասի դպրեվանք մեկնիլ եւ 1977-ին կրկին կը դառնայ դպրեվանքի ուսանող եւ մէկ տարի Գ․ դասարանի ընծայարանի դասաւանդութեանց հետեւելէ ետք, կը վերադառնայ Հալէպ քահանայ ձեռնադրուելու համարր։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Սուրէն Արք․ Գաթարոյեանի, Ս․ Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, 30 Յուլիս 1978-ին, վերակոչուելով տէր Արսէն քհնյ․։

Քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք, Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ՝ ան այցելու հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ռազգայի ու Թէլ Ապիատի փոքրաթիւ հայկական գաղութներուն, ինչպէս նաեւ մնայուն քարտուղար Ազգային Առաջնորդարանի Կալուածոց հոգաբարձութեան։ Այսպէս, քանի մը տարիներ Հալէպի մէջ կը պաշտօնավարէ առանց ծխական ժողովուրդ ունենալու։

1982-ին կը դադրի Առաջնորդարանի պաշտօնեայ ըլլալէ եւ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Հալէպի Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ։ Առաջնորդին թելադրութեամբ, Տ․ Գարեգին Ա․ քհնյ․ Քիրազեան տէր հօր կը փոխանցէ 450 ընտանիք։

Առ այսօր (գիրքի հրատարակութեան տարին) տէր հայրը կը քահանայագործէ համանուն եկեղեցւոյ մէջ, գործակից ունենալով Տ․ Գարեգին Ա․ քհնյ․ Քիրազեանը, ապա Տ․ Նարեկ քհնյ․ Զերենցեանը, իսկ աւելի ուշ՝ Տ․ Խորէն քհնյ․ Պէրթիզլեանը։ Ան իբրեւ այցելու հոգեւոր հովիւ քանի մը տարի կը ծառայէ Ռազգայի մէջ եւ ապա 20 տարի Թէլ Ապիատի հայ գաղութին ամիսը անգամ մը պատարագելով։

Եկեղեցական ձեռնադրութենէն ետք, դարձեալ կը շարունակէ կրթական գործը, կրօն դասաւանդելով Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտութեան։

Ան կոչուած է Վարչական պաշտօններու։ Երկար տարիներ եղած է ատենադպիր նախ դատաստանական խորհուրդի եւ ապա վերաքննիչ Ատեանի։ Ապա վարած է ատենադպրութեան պաշտօնը նախադատ ատեանի։ Եղած է քարտուղար կալուածոց հոգարարձութեան։ Ժամանակ մըն ալ եղած է ուսումնական խորհուրդի անդամ ու գործավար։ Քանի մը շրջաններ վարած է ատենապետութիւն պաշտօնը կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդի կամ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարչութեան։ Անդամ եղած է թեմի «Օշական» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին։ Անդամ եղած է կրօնական ժողովին եւ Ազգ. գաւառական ժողովի երեսփոխան։ Շրջան մը աշխատակցած է նաեւ Ուսումնական խորհուրդի հրատարակած մատենաշարին։

Առ ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան, ան ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք 1988 ին, Գարեգին Բ, Կաթողիկոսին մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Իսկ սեւ Ծաղկեայ փիլոն՝ Արամ Ա. Վեհափառէն 1999 ին։ Ապա, Աւագութեան պատիւ եւ տիտղոս 2007 ին, դարձեալ Արամ Ա. կաթողիկոսէն մեծի Տանն Կիլիկիոյ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր Բ, Հալէպ, էջ էջ309։