Jump to content

Արուս Ազատեան

Արուս Ազատեան
Ծննդավայր Ապուչեխ?
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Արուս Հ. Ազատեան ծնած է (Ակնայ Ապուչեխ գիւղը), դաստիարակուհի, Ազատեան Ամիրաներու գերդաստանէն, նախակրթութիւն Իզմիրի Ազգ․ վարժարանին մէջ ստանալէ ետք՝ շատ կանուխէն կը հետեւի ուսուցչական ասպարէզին եւ 1908-ին պաշտօնի կը կոչուի Տարսոնի ազգային դպրոցը։

Դէպքերու բերումով տարի մը ետք կը մեկնի արտասահման (Յունաստան, Եգիպտոս, Ֆրանսա) եւ իր վերջին հանգրունը կ’ըլլայ Նիւ Եորք, ուր Օր Ա. Ազատեան կը կատարելագործէ իր ուսումը եւ 1909-ին Գոլոմպիա համալսարանէն «Պսակաւոր Գիտութեանց եւ Արուեսստից» աստիճանով կը վկայուի, անկէ ետք մանկավարժութիւնը իր մասնագիտութիւնը ընտրելով նոյն համալսարանի տեսական եւ գործնական արուեստից մանկավարժութեան ճիւղին կը հետեւի, որուն յաջող շրջնաւարաներէն կ’ըլլայ 1921-ին «Ա. Մ. Մագիստրոս Արուեստից» աստիճանով պսակուելով[1]։

Պլումսպուրկ նահանգի Նոռմալ Սքուլի մէջ պաշտօնի կը կոչուի որպէս դաստիարակ եւ ուսուցչական վերակացու ու հետզհետէ աւելի բարձրագոյն վայրեր պաշտօնի կը հրաւիրուի Ա. Ազատեան միանգամայն քաջ բեմբասակ է եւ երգչուհի Եգիպտոս գտնուած շիջոցին (1911) իր մասնակցութիւնը բերած է կոմիտասի վերակազմակերպած երգչախումբին. այդ պատաճառաւ 1925-ի Հ. Կոչնակ-ի մէջ (Թ.30) իր անձնական տպաւորութիւնները գրեց, ցրուատելով տաղանդաւոր վարդապետին արժանիքները։ Աշխատակցած է նաեւ Հիւանդանոցի Տարեցին, <<Արեւելք >>օրաթերթին եւ ամերիկեան պարբերականներուն։ 1931-ին լոյս ընծայեց Ճան Տիուիի <<Շահագրգռութիւն եւ Ջանք դաստիրակութեան մէջ>> գործին թարգմանութիւնը հեղինակին կենսագրութեամբ եւ յառաջաբանով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]