Արշարունեաց Դպրոցներ
Արշարունեաց դպրոցները, կը գործեն 5-14-րդ դարերուն, Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Արշարունիք գաւառին մէջ։ Մեզի յայտնի գրչութեան հնագոյն խոշոր դպրոցներ եղած են Մայրաձոր անապատն ու Սանդղկավանքը։ Կը հիմնադրուին 5-րդ դարուն, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Ա Պարթեւի աշակերտներ՝ Թաթուլի ու Վարոսի ջանքերով։ Կը զարգանան 6-րդ դարու ընթացքին։ Այնտեղ ընդգրկուած էին 36 ընտիր գրչագրեր։ Կը դասաւանդուէին գրչութեան արուեստներ՝ աստուածաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։
Ըստ Ստեփանոս Օրբելեանի՝ Արշարունեաց դպրոցը 7-րդ դարուն կը համարուի «վարդապետարան հայոց...»։ Արշարունեաց իշխաններուն դպրոցը կը հովանաւորեն Բագրատունիները եւ Կամսարականները։ Վահան Կամսարականի խնդրանքով «քաջ փիլիսոփա եւ նախընտիր վարդապետ» հռչակուած Գրիգորիս Արշարունին 8-րդ դարասկիզբին կը շարադրէ «Մեկնութիւն ընթերցուածոց» աշխատությունը։ 10-րդ դարու վերջը Կարսի Աբաս թագաւորը (984–1029 թուականներ) Արշարունեաց գաւառին մէջ կը կառուցէ վանք՝ կից օժանդակ կառոյցներով։ Նոյն դարուն ուշագրաւ է Վարդկավանքի դպրոցը, վարդապետարանը վերաշինող՝ առաջնորդ Վարդիկի անունով։ Յաճախադէպ արշաւանքները կը կործանեն մշակութային կեդրոնները, սակայն անոնցմէ ոչ հեռու կը ծաղկին այլ կեդրոններ։ 10-րդ դարուն Կաղզուանի մօտ հիմնադրուած է Կամրջաձորի դպրոցը, որ ունեցած է մօտ 300 միաբան սան։ Նշանաւոր էին Սամուել Կամրջաձորեցին, անոր աշակերտներ՝ Ստեփանոս Ասողիկը եւ Գէորգ Թառիճեցին (Ուռճեցին)։ 11-րդ դարուն կը զարգանան Մայրաձորի կամ Կանչնուտի եւ Սանդղկավանքի գրչութեան դպրոցները։ Առաջին դարէն մեզի հասած են «Մողնու», «Սանդղկավանքի» եւ «Բեկիւնց» Աւետարանները, որոնց նկարազարդումները (գրիչ եւ ծաղկող՝ Յովհաննէս Սանդղկավանեցի) հայ մանրանկարչութեան արժէքաւոր գործերէն են։ 14-րդ դարուն յայտնի էին Հանկիւնաց վանքի, Կաղզուանի եւ գրչութեան այլ դպրոցներ։