Jump to content

Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան

Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան
Ծնած է 1965
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն քահանայ
Երեխաներ Ունի երկու զաւակ Աննա-Մարի եւ Գայիանէ։

Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան՝ (1965, Հալէպ, Սուրիա

Աւազանի անունով Յակոբ որդի Գրիգորի եւ Ռոզինի, ձնած է ուրֆացի ծնողքէ Հալէպ, 1965-ին։

Նախնական ուսումը ստացած է Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, զոր աւարտելէ ետք 1978-ին, նիւթական պատճառներով չէ կրցած շարունակել ուսումը։ Հետեւաբար, մտած է կեանքի ազատ ասպարէզ ու հետեւած արհեստի։ Լման տաս տարիներ աշխատած է Հաստոցի վերաբերեալ գործերով։ Մօր կրօնաշունչ դաստիարակութիւնը զինք աոաջնորդած է եկեղեցի։ 1974-ին մաս կազմած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ դպրաց դասին։ 1988-ին ստացած է ուրար կրելու իրաւունք Թեմի Առաջնորդ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ։ Փոքր տարիքէն յաճախած է Ս. Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ վարժարանի կեդրոն բաժինը, զոր աւարտելէ ետք 1984-ին, ստացած է համապատասխան վկայական, դարձեալ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ։ Ապա, մինչեւ 1988, իբրեւեւ ուսուցիչ ծաոայած է Կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ։

Անդամ եղած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին հովանաւորութիւնը վայելոդ «Հայ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան» երիտասարդաց բաժնին, շուրջ ութ տարի։ Սիրած է նաեւ մարմնակրթական կեանքը ու մօտաւորապէս 4 տարի մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Եկեղեցական ու ազգային արժէքներով կազմաւորուած նկարագիրը իր մէջ կը զօրացնէ հոգեւորական դառնալու փափաքը։ Վերջնականապէս կ՛որոշէ արհէստը ձգել ու դպրեւանք ուսանիլ։ 1988-ին, երբ կ՛ընդունուի իր դիմումնագիրը, ան մուտք Կը գործէ Անթիյիասի դպրեվանքի քահանայից դասարանը, որուն տեսուչն էր Տ. Բաբգէն Վրդ. Զարեան (այժմ Եպիսկոպոս)։ Երկամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, 15 Յուլիս 1990-ին, սարկաւագ կը ձեռնադրուի ձեռամբ Գերշ. Տ. Ղեւոնդ Արք. Ջէպէեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ եւ կը ստանայ համապատասխան վկայական։ Բերիոյ Թեմի Աոաջնորդ՝ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի հայրական հոգածութեան արժանանալավ անհրաժեշտ դիւրութիւնները կ՛ընծայուին իրեն, որպէսզի դժուարութիւնները յաղթահարելով կարենայ պատրաստուիլ ամուսնութեան։

Ան կ՛ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Պալգէորգեան Գրիգորի ու Երանուհիի դուստրը՝ Սեդան, որուն հետ կը պսակուի 10 Նոյեմբեր 1990-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Ատոմ Ա. քհնյ. Քեհեայեանի ու Հայէպի քահանայից դասուն մասնակցութեամբ։ Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումբ տեղի կ՚ունենան ձեռամբ ՝ Տ. Սուրէն Արք.Գաթարոյեանի խարտաւիլակութեամբ՝ Գերպ. Տ. Նորայր Ծ. Վրդ. Աշրգեանի, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 10 Փետրուար 1991-ին, վերակոչուելով Տ. Արշակ։ Պատմութեան համար կ՛ուզենք արձանագրել, որ մինչեւ 1991, Սերիոյ Թեմի Աոաջնորղ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան քահանայ ձեռնադրած էր հետեւեալներր. – Տ. Արսէն, Տ. Բարզէն, Տ. Արամ, Տ. Տաթեւ, Տ. Տաճատ, Տ. Մաշտոց, Տ. Ասողիկ, Տ. Նարեկ, Տ. Արմէն եւ Տ. Արշակ։ Քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը լրանալէ, Սրբազան հօր տնօրինութեամբ եւ Կրօնական Ժողովի որոշումով՝ Տ. Արշակ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։ Համանուն եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնավարող իր գորձակիցները կ՛ըլլան Տ. Ատոմ, Տ. Համադասպ, Տ. Ներսէս, Տ. Սահակ, Տ. Յուսիկ եւ աւելի ուշ՝ Տ. Տաթեւ։ Այսօր գործակից են նաեւ Տ. եղնիկ եւ Տ. Զարեհ։ 1992-ին, իր ձեռնադրութենէն տարի մը ետք, կը նշանակուի այցելու հոգեւոր հովիւ Ռազգայի, ամիսը անգամ մը պատարագելու եւ հոգեւոր սնունդ մատակարարելու։ Տարիներ ետք, ան կը կոչուի վարչական պաչտօններու։

Մէկ շրջան եղած է կրօնական Ժողոկի անդամ։ Վեց տարի Բերիոյ Թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու խորհուրդի անդամ։ Ութ տարի՝ 4 շրջան անդամ եղած է Ազգ. Գաւառական Ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւններու կեդրոնական յանձնախումբի։ Իսկ 14 տարի եղած է այցելու հոգեւոր հովիւ Ռազգայի հայ գաղութին։ կրօնական ժողովի եւ Սրբազան Հօր որոշումով չորս տարիներէ ի վեր, Տ. Տրդատ քհնյ. Թաշճեանի հետ նշանակուած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան վարչութեան անդամ։ 12 տարիներու քահանայագործութենէ ետք, 4 Ապրիլ 2003-ին ստացած է Լանջախաչ կրելու իրաւունք, Արամ Ա. կաթողիկոսէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ 20 տարիներէ, ի վեր կը պաշտօնավարէ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իր ծառայութեան համեստ բաժինը բերելով եկեղեցւոյ պայծառութեան համար տարուած աշխատանքներուն եւ օգտակար դառնալով իր ծխական ժողովուրդիի հոգեւոր կարիքներուն[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 368-370։