Արշակ Եագուպեան

Արշակ Եագուպեան
Ծնած է 1868
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Ուսումնավայր Էտինպըրկի Համալսարան
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Արշակ Եագուպեան, հայ ուսուցիչ եր: Ծնած է Կեսարիա 1868-ին, որդին Պատ. Քերոբէ Եագուպեանի:

Նախնական ուսումը առած է Կեսարիոյ բողոքականներու դպրոցին մէջ, միջնակարգը Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գօլէճին մէջ ուսկից մտած Էտինպուրկի Համալսարանը ուր մէկ տարի մաթեմթիք ուսանելէ ետք 1889-ին երկու տարի Ատանայի եւ 25 տարի Պարտիզակի բարձրագոյն վարժարանի մէջ ուսողութեան եւ բնագիտութեան ուսուցիչ եղած է: 1915-ին Պարտիզակէն տարաքուած է եւ զինադադարէն յետոյ 1919-ին Զմիւռնիոյ Միջազգային Գոլէճին մէջ ուսուցչութեան պաշտօն վարած է: 1920-ին Ամերիկա կը գաղթէ ուր կը զբաղի առեւտրական գործերով: Անդամ է Յ. Բ. Ը. Միութեան[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Հայ հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Ա. հատոր, էջ 641